Հայկական Ուղղաթիռին Հարուածելու Դէպքին Պատճառով Գործ Պիտի Յարուցուի

Զօրավարժութիւններու ժամանակ ատրպէյճանցիներու կողմէ հայկական ուղղաթիռին հարուածելու դէպքին առթիւ պիտի յարուցուի քրէական գործ: Այս մասին կը յայտնէ NEWS.am-ը:
Մեր տեղեկութիւններով` քրէական գործը պիտի յարուցուի ՔՕ-ի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 13-րդ կետի յատկանիշներով: Իսկ այդ յօդուածով կը սահմանուի սպանութիւնը` ազգային, ցեղային կամ կրօնական ատելութեան կամ կրօնական մոլեռանդութեան շարժառիթով: