ՄԱԿ-ի Զարգացման Գործակալութեան Մշտական Ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզետոն Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Նոյեմբեր 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ-ի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող, ՄԱԿ-ի զարգացման գործակալութեան մշտական ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզետոն:

Նախարարը կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման գործակալութեան հետ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութիւնը` նշելով, որ ստեղծման առաջին իսկ օրերէն գերատեսչութիւնը համատեղ ծրագիրներ  իրականացուցած է ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան հետ:

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ «Գիտելիքի փոխանցում սփիւռքի հայրենակիցներու միջոցով», «Քաղաքացիական կրթութեան կեդրոնի եւ սփիւռքի համար իրականացուող աշխատանքներու համակարգում եւ ատոնց մասին տեղեկութիւններու տարածում», «Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան
մասին հանրային իրազեկութեան ընդլայնման ուղղուած քարոզարշաւ», «Սփիւռքի նախարարութեան համացանցային կայքի պատրաստում» եւ այլ համատեղ իրականացուած ծրագիրներուն:

Գերատեսչութեան ղեկավարը յատկապէս արժեւորեց «Արտերկրի մէջ բնակող հայերու համար» անգլերէնով եւ հայերէնով մշակուած ձեռնարկի հրատարակումը, որուն նպատակն է արտերկրի մէջ ապրող հայութեան համար վերլուծել եւ հասանելի դարձնել ՀՀ օրէնսդրութիւնը` կրթութեան, մշակոյթի, աշխատանքի, սեփականութեան եւ  շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ, հնարաւոր դարձնել անոնց մասնակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը Հայրենիքի զարգացման գործին:

Խօսելով ներկայիս իրականացուող համատեղ ծրագիրներու մասին` նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի, պարէնի համաշխարհային ծրագիրի եւ Մանկական հիմնադրամի հետ աշխոյժ համագործակցութիւնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը ՄԱԿ-ի զարգացման գործակալութեան մշտական ներկայացուցիչին ներկայացուց սուրիահայերու համար «Նոր Հալէպ» թաղամասի բնակարանաշինութեան ծրագիրը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` ՀՀ-ի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Պրետլի Պուզետօն կարեւոր նկատեց նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն ցուցաբերած առաջին օգնութիւնը:

Պրետլի Պուզետօն համոզում յայտնեց, որ վերոնշեալ այդ եւ այլ համատեղ ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան, քանի որ բոլորն ալ կ’իրականացուին առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ:

Երկուստեք նշուեցաւ ՄԱԿ-ի հայաստանեան կառոյցներու եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համատեղ աշխատանքները լրատուամիջոցներուն մէջ առաւել լայնօրէն լուսաբանելու կարեւորութեան մասին:

Scroll Up