Ատրպէյճանը ԼՂՀ Օդային Տարածքը Ոչ Թռիչքային Գօտի Յայտարարած Է
Ատրպէյճանը ոչ թռիչքային գօտի յայտարարած է «բռնագրաւուած տարածքներու օդային տարածութիւնը եւ ըստ սահմանուած կարգի այդ մասին տեղեակ պահած է Քաղաքացիական օդուժի միջազգային կազմակերպութեան անդամները”: Այս մասին նշուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ` կապուած ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ հարուած ստաղած ԼՂՀ ՌՕՈՒ Մի-24 ուղղաթիռին վերաբերեալ: Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնը՝ ըստ panorama.am-ի՝ հրապարակած է APA գործակալութիւնը:
«Լարուածութեան պահպանման հիմնական պատճառը այն է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կը գտնուին Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Այդ իսկ պատճառով իրադրութեան լարուածութեան պատասխանատուութիւնը ամբողջովին Հայաստանի վրայ է”,- ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ երէկ ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ ժամը 13.45-ին ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ատրպէյճանական ԶՈՒ-ի կողմէ հրադադարի կարգի խախտման արդիւնքով վար ինկած է ԼՂՀ ՌՕՈՒ Մի-24 ուղղաթիռը: