Հայաստան 3-4 Տարի Ետք Աշխարհին Կրնայ Ներկայանալ Իբրեւ Ոսկերչութեան Երկիր

Ինչպէս Զուիցերիան յայտնի է իր արտադրած ժամացոյցներով, այնպէս ալ Հայաստան հնարաւորութիւն ունի ճանչցուելու իբրեւ ոսկերչութեան երկիր: Նման համոզում յայտնեց Ֆրանսայի հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Յովել Շնորհոգեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ընթացքին:

Ֆրանսական Moog եւ զուիցերական Tellus ընկերութիւններու սեփականատէրը կը նկատէ, որ Հայաստանի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի եւ ընդհանրապէս ոսկերչութեան բնագաւառի զարգացման համար անհրաժեշտ   է հաւաքական աշխատանք, եւ 3-4 տարուան ընթացքին Հայաստանը կը դառնայ ոսկերչական երկիր:

«Մենք բախտաւոր ենք պարոն Գէորգեանի պէս նախագահ ունենալու (Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային ընկերակցութեան նախագահ (AJA) Գագիկ Գէորգեան-հեղ.), որ մեծ ներդրում  կատարած է այս ազա տնտեսական գօտիի ստեղծման գործին մէջ: Հրաշք շէնք կառուցուած է, որ իր նմանը չունի Երեւանի մէջ: Այս շէնքի մուտքին աջ կողմը  հին գրութիւն մը կայ. «Ով հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Այս գործի յաջողութեան համար մեզի անհրաժեշտ է հաւաքական ուժ: Հայաստանի  եւ արտերկրի մէջ մենք ունինք հզօր ուժեր, որոնք պէտք է մէկ սեղանի շուրջ հաւաքուին եւ Երեւանի մէջ անգործ մարդ չի մնար», – ընդգծեց Յովել Շնորհոգեան:

Scroll Up