Թուրքիոյ ԱԳ Նախարար. «Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ընդունումը Անհնար Է»
Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին տեղեկութիւններ հաղորդած է արտաքին քաղաքականութեան շուրջ երկրի յառաջիկայ ընելիքներուն մասին:
Ermenihaber.am-ի հաղորդմամբ` իր ելոյթին մէջ Չաւուշօղլուն անդրադարձած է նաեւ հայկական հարցին: «Ցեղասպանութիւնը, որ կը ցանկան վերագրել մեր պապերուն ու մեր ժողովուրդին, անհնար է, որ ընդունինք: Այս մէկը մենք միշտ կ’ըդգծենք,- ըսած է թուրք նախարարը:
Չաւուշօղլուն անդրադարձած է նաեւ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտած Թուրքիոյ «Աշխատաւորական կուսակցութեան» նախագահ Տողու Փէրինչէքի գործին: Ան տեղեկացուցած է, որ իրենք շատ մօտէն կը հետեւին Զուիցերիոյ կողմէ ՄԻԵԴ-մեծ պալատին մէջ բողոքարկուող (Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան) Տողու Փէրինչէքի գործին:
Յիշեցնենք, որ 2007-ի Մարտ 9-ին Զուիցերիոյ Վոյ Քանթոնի դատարանը Փէրինչէքին ենթարկած էր վարչական ու քրէական պատասխանատուութեան Հայոց ցեղասպաութիւնը հրապարակայնօրէն ժխտելու համար: Իսկ 2013-ի Դեկտեմբերին ՄԻԵԴ-ը վճիռ կայացուցած էր, համաձայն որուն, Զուիցերիան խախտած է բողոքարկողի` տուեալ պարագային Փէրինչէքի` ինքնարտայայտման ազատութիւնը: Այնուհետեւ զուիցերական կողմը դիմած էր Եւրոդատարան` գործը գերագոյն պալատին մէջ վերանայելու պահանջով, որմէ որոշ ժամանակ վերջ ալ ՄԻԵԴ-ը որոշում կայացուցած էր քննութեան վերցնել բողոքը: