Հայ Դատի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներուն 95 Տոկոսը Ընտրուեցաւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքով, յաջորդ Քոնկրեսը պիտի գտնուի Հանրապետական կուսակցութեան ամբողջական հակակշիռին տակ։ Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան մէջ արդէն իսկ մեծամասնութիւն հանդիսացող հանրապետականները կրցան բաւարար աթոռներ ապահովել՝ մեծամասնութիւն մը դառնալու համար նաեւ Ծերակոյտին մէջ, երկիրի դաշնակցային օրէնսդիր մարմինները իրենց հսկողութեան տակ առնելով։ Հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց դիրքերը զօրացուցին եւ շարք մը աւանդաբար դեմոկրատներու համակիր նահանգներու մէջ, նահանգապետական ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակներ ապահովեցին։ Մանրամասնութիւնները տեսնել էջ 3ի վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը:

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն 95 տոկոսը կրցաւ ընտրուիլ։ Կարեւոր յաղթանակներէն մէկն էր Իլինոյէն Պապ Տոլտի ընտրութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ ան Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումի փոխատենապետը եղած էր։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ամեիկահայ քուէարկողներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են այս յաղթանակներուն։

Այս սուր մրցակցութիւններէն ետք, կարեւոր յաղթանակներ արձանագրածներուն շարքին են՝ քոնկրեսականներ Մայքըլ Կրիմ (Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումի ներկայ համաատենապետ) եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի համահեղինակ Տէյվիտ Վալատաօ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող Ճիմ Քոսթայի, Մայք Հոնտայի, Փիթըր Էկիւլարի եւ Ռաուլ Ռուիզի ընտրութեանց արդիւնքները տակաւին չեն վերջնականացած։

Յաղթանակներ արձանագրած են նաեւ Հայ Դատի աջակցութիւնը ապահոված քոնկրեսական Տէյվիտ Պրեթ եւ Թետ Լիու, նաեւ ծերակուտականներ Միչ ՄըքՔանըլ ու Քերի Փիթըրզ։

Հայ քոնկրեսականներ Աննա Իշու եւ Ճեքի Սփիր եւս յաղթնականեր արձանագրեցին, ինչպէս նաեւ՝ նահանգային օրէնսդիր մարմիններու եւ տեղական ընտրութեանց մասնակցած հետեւալ հայազգի թեկնածուները.

Ատրին Նազարեան եւ Խաչօ Աշաճեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ), Քեթրին Ղազարեան (Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարանի անդամ), Սքաթ Աւետիսեան (Ռոտ Այլընտի Ուորուիք քաղաքի քաղաքապետ) ու Ռիշել Նորոյեան (Քալիֆորնիոյ Սանթա Քրուզ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ)։

1106Armenian_Americans_Collage1-300x225 1106Dold_MikeDemirdjian1-300x168 1106Gary_Peters_Armenians_Greeks1-300x225 1106lieu_yerimyan_electionnight1-300x237

Scroll Up