«Նուռ-La GRENADE-GRANAATAPPEL». Նոր Հայկական Ամսագիր Պելճիգայի Մէջ

Պելճիգայի մէջ 2014թ. Յունուարէն սկսած է հրատարակուիլ «Նուռ-La GRENADE-GRANAATAPPEL» խորհրդանշական անուամբ եռալեզու ամսագիրը: Հիմնադիրն է պելճիգաբնակ մեր հայրենակից Գագիկ Պալասանեան: Այն կը հրատարակէ HAկQ asbl (Արթուր Նիկողոսեան) ընկերութիւնը: Լոյս  տեսած են առաջին երկու համարները` հայերէն, ֆրանսերէն, հոլանտերէն լեզուներով:

Ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրն է Սիւզան Քանանեան, որուն հետ խօսած է «Նիտերլանտական օրագիրը»:

Պելճիգայի մէջ, նաեւ հարեւան երկիրներուն մէջ ամսագիրի լոյս ընծայումը հայութեան եւ օտարներու մօտ աշխուժութիւն  առաջ բերած է: Ինչպէս կը նշեն Հոլանտայի մէջ բնակող ամսագիրի ընթերցողներ Կրիշա Յարութիւնեանն ու Յակոբ Մուրատեանը, այն բաւականին հետաքրքիր ձեւաւորում ունի եւ հաճելի է ընթերցելու համար: Արծարծուող նիւթերն ալ արդիական են, զգալի մասը` նուիրուած Հայոց պատմական անցքերուն, մեծ յաղթանակներուն ու Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին:

«Նուռ-La GRENADE-GRANAATAPPEL» հանդէսը կարելի է ձեռք բերել Պենելուքսի ռուսական եւ հայկական խանութներէն ու որոշ գրախանութներէ, ինչպէս նաեւ բաժանորդագրութեան միջոցով:

Scroll Up