Իրենց Արմատներու Հետքերով Սարուխան Գիւղ Այցելած Են Նորզելանտահայ Քոյրերը
Գեղաքունիքի մարզի Սարուխան գիւղը Նոյեմբեր 4-ին հիւրընկալեց Նոր Զելանտայէն ժամանած երկու քոյրերը, որոնք գիւղ եկած էին իրենց պապերու ու արմատներու հետքերը որոնելու նպատակով:
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց Սարուխան գիւղի բնակիչ Խաչիկ Ենգիբարեան, անոնք երկու քոյրեր են` Տիանա Հաութման ու Գարոլ Պռունելոն: Հիւրերը ընդունեց համայնքի ղեկավար Վահան Գէորգեանն ու գիւղի բնակիչներուն հետ միասին փորձեց բացայայտել անցեալի պատմութեան գաղտնիքները: Հիւրերու պատմելով` իրենց պապերը պարսից Շահ-Ապասի կազմակերպած Մեծ գաղթի հետեւանքով 1639 թուականին իրենց հայրենական հողերէն` Սեւանի աւազանէն, մասնաւորապէս, ներկայիս Սարուխանի տարածքին մէջ գտնուող նախկին բնակավայրէն, գաղթած էին Պարսկաստան: Եւ քանի որ Մելիք Մանուչարեաններու գերեզմանները Սարուխանի մէջ կը գտնուին, անոնց յետնորդներն ուղիղ եկած են Սարուխան: Գիւղի պատմութիւնը ամբողջականացուցած Կարօ Մանուկեանի «Սարուխան» գիրքէն եւ պահուող արխիւային նիւթերէն պարզուեցաւ, որ հիւրերու ձեռքի տակ եղած 1620 թուականի տոհմածառն ու գիւղին մէջ պահուող նիւթերը գրեթէ կը համընկնին: Նորզելանտացիներն ապշած էին այն բացայայտումէն, ըստ որուն` իրենց պապերը` Մելիք Մանուչարի ժառանգները գիւղին մէջ զբաղած են ուսուցչութեամբ, իսկ իրենք` մանկավարժներ են Նոր Զելանտայի մէջ: Իբրեւ հայրենիք այցելած Տիանան ու Գարոլան ուղեւորուած են Իրան: Անոնք սարուխանցիներու խորհուրդով պիտի այցելեն Խորեզմ, Խոյ ու Սալմաստ, ուր ժամանակին սփռուած են հայ գաղթականները: Յետագայ բացայայտումներու մասին անոնք պիտի տեղեկացնեն սարուխանցիներուն: