Գահիրէի Մէջ Մշակութային Երեկոյ

Եգիպտոսի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայ մշակութային «Յուսաբեր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 30-ին «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտական-հայկական մշակութային երեկոյ մը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Perio News:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան դեսպաններ, պետական անձնաւորութիւններ, Եգիպտոսի բանակի բանբեր գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Սամիր, տեղեկատուութեան նախկին նախարար, Մարդու իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ, դեսպան Մոհամետ Ֆայէք, եգիպտական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ պաշտօնական հիւրեր։

Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արմէն Մելքոնեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եգիպտացիներուն եւ հայերուն միջեւ յարաբերութիւններուն ու ամուր կապերուն, որոնք ոչ միայն դարաւոր անցեալ ունին, այլ նաեւ՝ զարգացման մեծ հեռանկարներ։ Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան բարեբեր արդիւնքներուն մասին, որոնք շօշափելի են զանազան բնագաւառներու մէջ։ Դեսպան Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ այս բոլորին կողքին, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունի է նաեւ քաղաքական ամբողջական փոխհասկացողութիւն։

Դեսպան Արմէն Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ երկու երկիրներու արդի յարաբերութիւնները խարսխուած են ամուր հիմքերու վրայ, որոնց խթանիչ ուժը եգիպտահայ գաղութին եւ եգիպտացիներուն միջեւ ողջունելի ու սերտ բարեկամութիւնն է։ «Մենք Հայաստանի մէջ չափազանց հպարտ ենք Եգիպտոսի ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ եգիպտահայութեան ունեցած շօշափելի ներդրումով եւ այն բարի վարքով, զոր անոնք կը վայելեն այս երկրին մէջ շնորհիւ՝ Եգիպտոսի նկամամբ եգիպտահայերուն ունեցաւ հաւատարմութեան ու նուիրումին», շեշտեց դեսպանը։
«Շատ քաջալերելի եւ ողջունելի լուր էր այն, որ Եգիպտոսի համալսարանը որոշած է Հայկական ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերաբանալ իր յարկին տակ, որովհետեւ հոն կարելի է հայութեան քաղաքական եւ մշակութային կեանքին վերաբերող բազում ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ այսպիսով աւելի եւս սերտացնելով երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Այս կեդրոնը 2007 թուականէն ի վեր արդիւնաւէտ կերպով կը գործէր, սակայն ապրիլ 2013-ին անոր աշխատանքները սառեցուեցան տարօրինակ պայմաններու մէջ։ Իսկ ներկայիս այդ կեդրոնին վերաբացման որոշումը ցուցանիշ է կառավարութեան եւ եգիպտացիներուն կողմէ եգիպտահայութեան ու Հայաստանի հետ յարաբերութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մեծ հետաքրքրութեան եւ անոնց կարեւորութեան», ըսաւ դեսպանը։

Արմէն Մելքոնեան աւելցուց, որ վերջին շրջանին մեծապէս նկատելի է հայութեան հարցերուն եւ յատկապէս Հայ Դատի ու 100 տարի առաջ հայութեան ենթարկուած Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ եգիպտական մեծ հետաքրքրութիւնը։ Ան դիտել տուաւ, որ օսմանցիներուն կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած այդ ոճիրին պատճառով հայերը ապաստան գտան Եգիպտոսի մէջ, որ մեծապէս հիւրընկալեց եւ օժանդակեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը, բան մը, որուն համար հայութիւնը մնայուն կերպով երախտապարտ պիտի մնայ Եգիպտոսին։
Ապա խօսք առաւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ ըսաւ, թէ Եգիպտոսի մէջ հայութիւնը ունի պատուաբեր պատմութիւն, որուն կերտման մէջ իր դերը ունեցած է նաեւ Եգիպտոսի եւ անոր ազնիւ ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած վեհ վերաբերմունքը՝ հանդէպ 1915-ի ջարդէն ճողոպրած եւ Եգիպտոս ապաստանած հազարաւոր հայերուն։

«Եգիպտոսի հայութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ այս մարդկային եւ քաղաքակիրթ վերաբերումը, որ արտացոլացումն է պատմական եւ մշակութային մեծ արժէքներու տէր ժողովուրդին նկարագիրին եւ ազնուութիւնը՝ այս մեծ պետութեան, որուն քաղաքացիները ըլլալու պատիւը ունինք։ Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ կը գործէ եգիպտական-հայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման առնչութեամբ, կը կազմակերպէ համագումարներ՝ յօգուտ զոյգ ժողովուրդներու կապերու սերտացման», եզրափակեց Մազլումեան։

Scroll Up