Հայաստանն Ու Արցախը Կը Մասնակցին “World Travel Market” Զզբօսաշրջային Միջազգային Ցուցահանդէսին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/0121.jpg)
Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը հայկական 5 զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ համատեղ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Լոնտոնի մէջ Նոյեմբեր 3-6 տեղի ունենալիք «World Travel Market” զբօսաշրջային միջազգային ցուցահանդէսին: Հերթական անգամ միեւնոյն տաղաւարին տակ պիտի ներկայացուի նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հանրային կապերու գրասենեակէնէ:
Ցուցահանդէսի ընթացքինմ միջազգային հանրութեան պիտի ներկայացուին Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային եւ քրիստոնէական ժառանգութիւնը ցուցադրող գովազդային նիւթեր եւ քարտէզներ անգլերէնով:
Առաջատար այս ցուցահանդէսին մասնակցիլը նպատակ ունի` խթանելու Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջութիւնը եւրոպական շուկային մէջ եւ նպաստելու ներգնայ զբօսաշրջային հոսքերու աճին:
Այս տարի կը նախատեսուի, որ ցուցահանդէսին մասնակցին 186 երկիրներու մօտ 5000 զբօսաշրջային ընկերութիւններ եւ աւելի քան 50 հազար զբօսաշրջային ոլորտի մասնագէտներ: