Հակահայ Կազմակերպութիւնը 2015-ին Ընդառաջ Թուրքիոյ ՄԷջ Նոր Մասնաճիւղեր Պիտի Բանայ

Թուրքիոյ մէջ գործող հայատեաց կազմակերպութիւնը, որ կը կոչուի «Հայերու անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» (ASIMDER), նոր մասնաճիւղեր  բացած է երկրի  շարք մը շրջաններու մէջ (Կիւնէյտողու, Մարմարա, Քարատենիզ եւ Էկէյեան): Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:

Այդ մասին, ըստ «Հապերլեր» լրատուականի, հանրութեան յայտնած է կազմակերպութեան նախագահ Կեոքսան Կիւլպէյը: Այդպիսով ASIMDER-ը, որուն կեդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Իկտիրի մէջ, արդէն ներկայացուցչութիւններ ունի Թուրքիոյ 8 նահանգներու մէջ: Կիւլպէյ նշած է, որ նպատակադրուած են ներկայացուցչութիւններ ունենալու Թուրքիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ (81):

Նշենք, որ հակահայ գործունէութիւն ծաւալող սոյն կազմակերպութիւնը ատրպէյճանական սերտ կապեր ունի, որոնք կ’օգտագործէ ի վնաս հայութեան: Վերջերս ASIMDER-ը փոխհամագործակցութեան համաձայնագիր  ստորագրած էր Վիէննայի մէջ գործող Ատրպէյճանի մշակոյթի եւ գործարարներու կազմակերպութեան հետ: Ատոնց հիմնական նպատակը 2015-ին ընդառաջ Եւրոպայի մէջ հակահայկական տրամադրութիւններ ստեղծելն է եւ հայկական լոպիին դէմ պայքարիլը:

 

Scroll Up