«Թեւանիկը» Կը Ցուցադրուի Եւրոպա Ապրող Հայ Հանդիսատեսին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/tevanik.jpg)
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպայի մէջ կը շարունակուին «Թեւանիկ» շարժանկարի ցուցադրութիւնները: Ցուցադրութիւններուն ներկայ են նաեւ շարժանկարի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան եւ Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ aparaj.am կայքը:
Լոնտոնի հայ համայնքի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ կայացած ցուցադրութեան յաջորդեցին Պելճիգայի Լիեժ եւ Մեխելէն քաղաքներու հայ համայնքներուն համար ցուցադրութիւնները: Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան յաջորդեց հարց ու պատասխան բեմադրիչին եւ փոխնախարարին հետ:
Ցուցադրութունները կը շարունակուին նաեւ այսօր ` 28 Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ : Բացի շարժանկարի ցուցադրութենէն բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ Պելճիգա բնակող շարք մը արուեստագէտներու հետ յառաջիկային համագործակցելու նպատակով:
Բեմադրիչի եւ փոխնախարարի ներկայութեամբ շարժանկարը պիտի ցուցադրուի նաեւ Ամսդըրտամի, Ռիկայի եւ քանի մը այլ քաղաքաներու մէջ :
Իսկ եւրոպական ցուցադրութիւններէն ետք Ջիւան Աւետիսեան պիտի մեկնի Լիթուանիա` մասնակցելու Վիլնիւսի մէջ կայանալիք շարժանկարի փառատօնին:
Նախօրէին Չինաստանի Շաանսի նահանգի Սիան քաղաքին մէջ աւարտեց «Մետաքսի ճանապարհ» առաջին միջազգային կինոփառատօնը, ուր Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը արժանացաւ փառատօնի բարձրագոյն` «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին: