Էթյէն Մահչուփեանի Նշանակումը` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Նախօրէին Եղածը Թերեւս Քաղաքական Ռազմավարութիւն Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/01361.jpg)
Թրքական «ASİMDER» (Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ կազմակերպութիւն) հակահայկական կազմակերպութիւնը ազգութեամբ հայ Էթյէն Մահչուփեանի` Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէթ Դաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական նշանակուելուն դէմ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ պայքարով յայտնի այդ կազմակերպութեան նախագահ Կեօքսել Կիւլպէյի կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ շատ մտահոգիչ է վարչապետի գլխաւոր
խորհրդականի պաշտօնին հայ Էթյէն Մահչութեանի նշանակումը, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ամէն յօդուածի մէջ թուրքերուն կը յորդորէ ներողութիւն խնդրել եւ յօդուածներ գրած է «Ակօս» թերթին ու «Զուգահեռ կառոյցի» (Կիւլենական համայնք-EH) թերթին մէջ վերլուծութիւններ հրապարակած է:
Կիւլպէյն իր յայտարարութեան մէջ չէ մոռցած կրկին նշելու կազմակերպութեան գլխաւոր թեզը դարձած մեղադրանքները հայերու հասցէին` ըսելով, որ հայերը դաշնակցելով Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատել ցանկացող Ռուսաստանի ու Եւրոպայի հետ, ապստամբութիւն բարձրացուցած են:
Վերջինս նշած է, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին թերեւս այդ նշանակումը քաղաքական ռազմավարութիւն է, սակայն այդպիսով հայկական լոպին աւելի վստահ պիտի զգայ, իսկ հայկական լոպինկին ծառայող թրքական որոշ հասարական կազմակերպութիւներու գործունէութեան դաշտն ալ աւելի պիտի մեծնայ:
Թրքական «Եուրթ հապեր» լրատուական կայքի հաղորդմամբ` Կիւլպէյը վարչապետ Դաւութօղլուին ու պետական պաշտօնեաներուն կոչ ուղղած է հրաժարելու այդ նշանակումէն` ըսելով, որ ատիկա իրենց եւ ASALA-ի գործունէութեան արդիւնքով զոհուած դիւանագէտներու ընտանիքներուն համար շատ ցաւալի է:
«Յարգելի վարչապետին կոչ կ’ընենք յօնքը շտկելու փոխարէն աչքը չհանել»,- եզրափակած է Կիւլպէյը: