Թուրք Պաշտօնեաներու Կանայք Բարձր Կը Գնահատեն Հայ Ոսկերիչները

Թուրքիոյ առաջին դէմքերու կանայք բարձր կը գնահատեն պոլսահայերու ոսկերչական աշխատանքը:

Այդ մասին NEWS.am-ի թղթակիցին յայտնած է Սթամպուլի ոսկերիչներու պալատի նախագահ, ծագումով հայ Նորայր Իշլերը: Անոր խօսքով` հայ ոսկերիչները պարբերաբար պատուէրներ կ’իրականացնեն, ինչպէս նաեւ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի եւ Ահմետ Դաւութօղլիի կանանց, իսկ ամէնէն բարձր անոնց աշխատանքը կը գնահատէ Հայրունիսա Կիւլը` նախկին նախագահ Ապտուլա Կիւլի կինը: «Հայերուն անոնք շատ լաւ կը վերաբերին»,- աւելցուց Իշլերը:

Նկատենք, որ  քանի մը տարի առաջ ելոյթներէն մէկուն ընթացքին Կիւլի կինը յայտարարեց, որ իր մատանին Սեւան Պիչակչիի աշխատանքն է: Պիչակչին միջազգային հեղինակաւոր մրցանակներու դափնեկիր է, ինչպէս նաեւ «Town and Country Couture Award»-ը, որ ան  քանի մը տարի անընդմէջ ստացած է:

«Պիչակչին անկրկնելի է: Եւ ան միակը չէ. առանց չափազանցութեան, անոր նման Սթամպուլի հայ ոսկերիչներու շրջանին մէջ մօտ 20 հոգի կայ: Անոնք կ’աշխատին յատուկ եւ յայտնի անձնանց համար, սակայն աստղային հիւանդութեամբ չեն տառապիր. Անոնք շատ պարզ մարդիկ են»,- ժպիտով աւելցուց  Իշլերի օգնական Րաֆֆի Էրմոն Արաքսը:

Scroll Up