Նախագահը Ներկայ Գտնուած Է «Երեւան Շոու-2014» Ոսկերչական Միջազգային Ցուցահանդէսի Բացման

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան այսօր նորաբաց «Մերիտիան» ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուած են Հոկտեմբեր 25-28 իրականացուող «Երեւան շոու-2014» ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսի բացման:
«Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան» (AJA) կողմէ արդէն չորրորդ անգամ կազմակերպուող ցուցահանդէսին մասնակցած են ոսկերչական իրերու եւ ժամացոյցներու արտադրութեան աշխարհահռչակ ընկերութիւններ, անհատ ոսկերիչներ, ոսկերչական զարդերու մատակարարներ ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ աշխարհի 24 երկրէ: Ցուցահանդէսին մասնակցելու համար տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած է նաեւ շուրջ 200 գնորդ, ինչ որ, կազմակերպիչներու հաւաստմամբ, տեղական ընկերութիւններու համար սպառման նոր շուկաներ գտնելու լաւ հնարաւորութիւն է:
Հանրապետութեան Նախագահը շրջած է ցուցահանդէսի տաղաւարներով, դիտած հայրենական եւ արտերկրեայ 125 ընկերութիւններու ներկայացուցած ոսկերչական իրերը, ոսկերչական արտադրութեան սարքաւորումները, ծանօթացած այդ ընկերութիւններու գործունէութեան ու յետագայ ծրագիրներուն:
Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Արդիւնաբերութեան զարգացման հիմնադրամը «Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան» հետ համատեղ կը նախատեսէ իրականացնել նաեւ «Հայաստանը` տարածաշրջանային ոսկեգործութեան կեդրոն» խորագիրով ներդրումային համաժողով եւ ատոր ծիրէն ներս կլոր սեղաններ` «Ոսկեգործութեան զարգացման համաշխարհային միտումները եւ ՀՀ-ի մէջ ներդրումներու ներգրաւման հնարաւորութիւնները», «Հայաստանի ադամանդագործութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները, առկայ խնդիրները եւ ատոնց լուծման ուղղութիւնները» թեմաներով:
Հանրապետութեան Նախագահը եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան ներկայ գտնուած են նաեւ «Մերիտիան» ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած հայ գեղանկարիչներու ցուցահանդէսի բացման, ուր ներկայացուած են ժամանակակից նկարիչներու եւ քանդակագործներու 100-է աւելի աշխատանքներ:
Ձեռնարկին ծիրէն ներս Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան դիտած են նաեւ «Երեւանեան նորաձեւութեան շաբաթ» խորագիրով ցուցադրութիւնը, ուր իրենց հաւաքածուներով ներկայացած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ձեւաւորողները:
Հանրապետութեան Նախագահն այնուհետ այցելած է «Մերիտիան» ազատ տնտեսական գօտիի շէնք: Ազատ տնտեսական գօտին ստեղծուած է ՀՀ կառավարութեան 27.02.2014թ. թիւ 231-ա որոշմամբ: Կազմակերպիչ ճանչցուած է «Էյ Ճէյ Էյ ազատ տնտեսական գօտի» ՓԲԸ-ն: Այստեղ գործունէութիւնը պիտի իրականացուի ոսկերչութեան, ակնագործութեան եւ ժամագործութեան ոլորտներուն մէջ` 10 տարի ժամկէտով: Ազատ տնտեսական գօտիի շահագործողներն կ’ազատին շահութահարկի, ԱԱՀ-ի, գոյքահարկի եւ մաքսատուրքի վճարման պարտաւորութիւններէն, իսկ պետական մարմիններուն կողմէն ծառայութիւնները կը մատուցուին «Մէկ պատուհան» սկզբունքով: