Հայաստանի մէջ աճած են գորգերու արտադրութեան ծաւալները

2015 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ գորգերու արտադրութիւնը աճած է 19.1%-ով: Այս մասին ըստ panorama.am-ի` կը տեղեկացնէ ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:

Ըստ ԱՎԾ-ի` այս տարուան առաջին կիսամեակին արտադրուած է 23.7 թոն գորգ, իսկ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 19.9 թոն:

ԱՎԾ-ի տուեալներով` այս տարուան Յունուար-Յունիսին մեր երկրին մէջ 53.9 %-ով աճած է նաեւ գործուած գորգերու արտադրութեան ծաւալները. առաջին կիսամեակին արտադրուած է 1 732.0 հազար հատ գորգ, իսկ 2014թ-ի Յունուար-Յունիսին` 1 125.2 հազար հատ:

Յունուար-Յունիսին 37.6 տոկոսով աճած են նաեւ գուլպայեղէնի արտադրութեան ծաւալները. նշուած ժամանակահատուածին արտադրուած է 3 356.6 հազար զոյգ գուլպայեղէն, իսկ 2014թ-ի Յունուար-Յունիսին` 2 439.0 հազար զոյգ:

ԱՎԾ-ի փոխանցմամբ` նշուած ժամանակահատուածին  միայն նուազած են բամբակեայ գործուածքներու արտադրութեան ծաւալները: Եթէ 2014թ-ի առաջին կիսամեակին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 7,8 թոն բամբակեայ գործուածք, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 4,2 թոն, որ 46.2 տոկոսով պակաս է:

 

Scroll Up