Մէկուկէս Միլիոն Սպաննուած Հայերէն Բացի Կան Նաեւ Կենդանի Նահատակներ. Տոքթ.Նորայր Մանճեան

1971-1972 Դպրոցական տարեշրջանն էր:Ես գիտութեան առարկայի ուսուցիչ էի,Դամասկոսի Ազգ, Զաւարեան Վարժարանի, որ Սուրիոյ կրթական նախարարութեան որոշումով վերանուանուած էր Իրատէ (Կամք): Պետական Տնօրէնուհի նշանակուած էր Տիկին Իման Մուհդատին: Տնօրէնուհին ՛ինչպէս բոլոր նոր նշանակուած տնօրէնները,կուզէր իր ներկայութիւնը փաստել եւ գրեթէ ամէն շաբաթ ուսուցչական ժողով կը գումարէր: Համալսարականներս միշտ պատճառ կը գտնէինք եւ կը բացակայէինք այդ ժողովներէն:
Ամիսներ ետք տնօրէնուհին կրցաւ մեզ հաւաքել եւ ուսուցչական ժողով գումարել:Գովասանքի խօսքերէն ետք ըսաւ «Երանի պրն.Նորայրէն օրինակ առնէք եւ արաբերէն խօսիք աշակերտներուն հետ» Խօսքը ուղղելով հայոց լեզուի ուսուցիչներուն: Ոտքի կանգնեցայ ու ըսի,- “Հոն ու պաս” (այստեղ եւ վերջ): Ու այսպէս պատասխանեցի,- «Հայ համայնքը արտօնութիւն ստացած է հայոց լեզուի դասաւանդութեան: Մանկավարժը պէտք է խօսի միայն այն լեզուն, որ կը դասաւանդէ: Տնօրէնուհին կմկմաց, ուզեց արդարանալ, թէ նպատակը այն է որ աշակերտները լաւ տիրապետեն արաբերէն լեզուին:
Ժողովը վերջացաւ, կը պատրաստուէինք դուրս գալու տեսչարանէն, տնօրէնուհին ինծի ողղելով խօսքը ըսաւ,«Ուսթազ (պարոն) Նորայր կ’ուզեմ հետդ առանձին խօսիլ»: Տեսչարանը ես եւ տնօրէնուհին մնացած էինք միայն, գլխաշորը հանած էր: Սեղանին ետեւ նստած ժպիտը երեսին ինծի կը նայէր, իսկ իմ մէջս կ’եռար հայու տանջուած արիւնը: Ամէն ինչի պատրաստ էի եւ ամէն ինչ լսելու ու ըսելու, բայց այն ինչ, որ լսեցի տնօրէնուհիէն երբեք չէի սպասեր:
Տնօրէնուհին ըսաւ . Ըսթազ Նորայր ես հայու աղջիկ եմ –, Հարցուցի ինչպէ՞ս, տնօրէնուհին պատմեց. «Հօրս անունը Յակոբ Գրիգորեան Է, Իսթանպուլէն, հարուստ ընտանիքի զաւակ է, “մազապէհ Ալ Արմն» հայերու ջարդի տարիներուն, թուրք ասքարները եկած են իրենց տունը, սպաննած են մեծ հայրս ու մեծ մայրս, որոնք ունէին երեք զաւակ: Մեծ հօրաքոյրս 13 տարեկան էր ՛ փոքրը 3 տարեկան, իսկ հայրս՛ 6 ամսական: Մահուան կարաւաններուն հետ հրաշքով հասած են Տէր Զօր, վերջին կայանը, որմէ ետք ողջ մնացածներուն կը սպասէր մահը:
Տէր Զօրցի արաբ ընտանիք մը որդեգրած է երեքը եւ խնամած: Մեծ հօրաքոյրս ամուսնացուցած են Տէր Զօրցի արաբի հետ, իսկ երկրորդը երբ մեծցած է ամուսնացուցած են Ամերիկայէն եկած հայ երիտասարդի մը հետ եւ մեկնած Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներ: Հայրս մնացած եւ մեծցած է մեծ հօրաքրոջս մօտ: Անունը փոխած եւ դրած են Եագուպ,իսկ մականունը Մուհդատի, նոր ազգանուն, որ հեռու մնայ թուրքերէն: Երբ մեծցած է, ամուսնացուցած են Տէր Զօրցի աղջկայ մը հետ, որ մայրս է: Մեծ հօրաքոյրս մահացած է, իսկ փոքրի հետ մինչեւ օրս կը նամակցինք, մենք հիմա Իսլամ ենք»:
Ահա Մեծ Եղեռնի ողբերգութենէն դէպք մը, որ պիտի աւելնար նախապէս իմացածներուս վրայ… Տնօրէնուհին հրաւիրեց զիս իրենց տունը, որ մօտ էր ծնողքին տան, Դամասկոսի Պաղտատ անունը կրող փողոցին վրայ: Այցելեցի ծնողքը եւ հանդիպեցայ հայ հօր Եագուպ Մոէհդատիի, որ ծնած էր Յակոբ Գրիգորեան անուն մականունով: Զարգացած, բարի մարդ մըն էր դիմացս, մեծցած Տէր-Զօրի աշիրաթի մը հովանիին տակ:Կ՛ափսոսար կատարուածին համար:
Քսան տարի անցած էր, կը գործէի Լաթաքիոյ իմ բժշկական տարրալուծարանիս մէջ : Տնօրէնուհին իր ամուսինի Իրաւաբան Ատնան Ֆատլիի եւ աղջկան Լենայի հետ այցի եկան ինծի: Զիրենք հրաւիրեցի բնակարանս, հարցուցի իրենց մասին, աղջիկը կ’ուսանէր լաթաքիոյ Բժշկական համալսարան: Տնօրէնուհին ըսաւ «հայրս նախ քան մահանալը գնաց Իսթանպուլ եւ տեսաւ իր ծնդավայրը, տարի մը ետք մահացաւ: Իսկ եղբայրս գնաց ԱՄՆ Հօրաքրոջ մօտ եւ ամուսնացաւ հայուհիի հետ:
Այդ թուականէն ետք չեմ հանդիպած Տնօրէնուհիին հետ, բայց ամէն շաբաթ կը յիշեմ Մուհտադի ընտանիքը որովհետեւ տնօրէնուհիին ամէնափոքր քոյրը Սուրիոյ պետական հեռուստատեսութեան հեռուստահաղորդավարուհի է, բժշկական Նիւթեր կը ներկայացնէ:
Հայ ազգի նկատմամբ Թրքական պետականութեան կատարածը ցեղասպանութիւն էր: Մէկուկէս միլիոն սպաննուած հայերու հետ կան նաեւ կենդանի նահատակներ, որոնք պարտադիր ազգափոխ եւ կրօնափոխ եղան: Ապրեցան, բայց ոչ իբրեւ հայ: Ո՛վ գիտէ անոնց ճիշտ թիւը: