Սպանիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանը Վալենսիոյ Քաղաքապետին Հետ Քննարկած Է Հայկական Եկեղեցի Կառուցելու Հարցը

Հոկտեմբեր 15-ին Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աւետ Ատոնցը հանդիպումներ ունեցաւ Սպանիոյ Վալենսիա նահանգի նախագահ Ալպերթօ Ֆապրայի եւ Վալենսիա քաղաքի քաղաքապետ Ռիթա Պարպերայի հետ: Այս մասին կը հաղորդեն ԱԳՆ լրատուական կեդրոնէն:
Ալպերթօ Ֆապրայի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ համագործակցութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները, մասնաւորապէս` տնտեսութեան ու զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ եւ տեղական կառավարման մարմիններու միջեւ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ սկսելու համապատասխան աշխատանքներ Վալենսիոյ առեւտրի նախարարութեան հետ` երկու կողմերու գործարարներու շփումները աշխուժացնելու եւ համատեղ առեւտրային պալատ ստեղծելու նպատակով:
Քաղաքապետ Ռիթա Պարպերայի հետ հանդիպման քննարկուեցաւ Վալենսիոյ մէջ հայկական եկեղեցի կառուցելու համար համապատասխան հողատարածք յատկացնելու հնարաւորութիւնը:
Վերոյիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումներ եղան նաեւ հասարակական տարբեր գործընթացներու մէջ Վալենսիա նահանգին մէջ բնակող հայ համայնքի ներգրաւուածութեան մակարդակը բարձրացնելու վերաբերեալ: