«Նայիրի» Պարախումբը Համերգով Հանդէս Պիտի Գայ Պուէնոս Այրէսի Մէջ

Պուէնոս Այրէսի «Փապլօ Ներուդա Փասէօ լա Փլազա» սրահին մէջ Հոկտեմբեր 20-ին պիտի կայանայ պարային ելոյթ` նուիրուած Հայաստանին եւ անոր պատմութեան:

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ  «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով prensaarmenia.com.ar-ը, ձեռնարկին   ընթացքին Արժանթինի մէջ արդէն 35 տարի գործունէութիւն ծաւալող «Նայիրի» խումբը ազգային պարերու միջոցով պիտի ներկայացնէ Հայոց պատմութիւնը, պատմական անցքերն ու ողբերգական էջերը:

Համերգի ժամանակ յատկապէս ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան  երկու կարեւոր թեմա` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն ու Արցախեան հերոսամարտը:

Scroll Up