Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգը Ներկայացուեցաւ Նախագահ Սարգսեանին
Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը նախանցեալ օր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց յանձնախումբի երեքշաբթի օրուան նիստին հաստատուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանին նաեւ ներկայացուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծին վերաբերեալ «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) 13 հոկտեմբերի եզրակացութիւնը, որուն «Եզրակացութիւն» բաժինին մէջ մասնաւորապէս, նշուած է. «Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծը Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու ծրարի նախապատրաստման արժէքաւոր եւ յուսալի հիմք է, որ կ՛ամրապնդէ ժողովրդավարական արժէքները եւ կը ստեղծէ իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի ապահովման անհրաժեշտ պայմաններ: Բարեփոխումներուն նպատակները եւ արտացոլուած ընդհանուր մօտեցումները արժանի են ուժեղ աջակցութեան: Նախագիծին մէջ արտայայտուած իրաւական դիրքորոշումները կը համապատասխանեն Վենետիկի յանձնաժողովի աւանդական մօտեցումներուն»: Վենետիկի յանձնաժողովը, միաժամանակ կ՛ընդգծէ, որ «թէեւ փաստաթուղթը հիմնուած է իրավիճակի համապարփակ իրաւական վերլուծութեան վրայ, կարգ մը այլընտրանքներ նաեւ կը պարունակեն քաղաքական բաղադրիչ, ինչպիսին է խորհրդարանական կառավարման համակարգի ի նպաստ ընտրութիւնը, որ պէտք է լայնօրէն քննարկել երկրին մէջ»: Վենետիկի յանձնաժողովին կարծիքով` «հայեցակարգի նախագիծը կ՛ընձեռէ բարեփոխումներու կարելիութիւն, որ անպայման պէտք է օգտագործել»:
Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը նաեւ հրապարակած է բարեփոխումներու հայեցակարգը եւ ատոր վերաբերեալ Վենետիկի յանձնաժողովին եզրակացութեան անգլերէն բնօրինակն ու ոչ պաշտօնական հայերէն թարգմանութիւնը, ատիկա տեղադրելով Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ (www.moj.am): Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծին վերաբերեալ Վենետիկի յանձնաժողովի եզրակացութիւնը նաեւ հասանելի է Վենետիկի յանձնաժողովի պաշտօնական կայքին մէջ (www.venice.coe.int ):