ԼՂՀ Վարչապետը Ընդունած Է Սփիւռքահայ Շարք Մը Բարերարներ

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Հոկտեմբեր 15-ին ընդունած է «Հանգանակ» հասարակական կազմակերպութեան խորհուրդի սփիւռքահայ անդամներն ու հովանաւորները:

Այս մասին ինչպէս «Արցախփրես»-ին կը յայտնեն ԼՂՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, վարչապետը, շնորհաւորելով հիւրերը, կազմակերպութեան տասնամեակին առիթով, ողջունած է Արցախի մէջ անոնց կողմէ իրականացուող ծրագիրները` կարեւոր համարելով տարեցներու խնամքի վրայ սեւեռուած ուշադրութիւնը: Ա. Յարութիւնեան անդրադարձած է կառավարութեան որդեգրած սոցիալական քաղաքականութեան եւ ընդգծած հասարակական կազմակերպութիւններու կարեւոր դերը ատոնք արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու  գործին մէջ:

Հիւրերը ներկայացուցած են կազմակերպութեան կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Վարչապետն իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է աջակցելու սոցիալական ուղղուածութեան կարեւոր նախագիծերու իրականացման:

Scroll Up