Տեսաժողով Օդեսայի Հայկական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/DSC02370.jpg)
Հոկտեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով Օդեսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ս. Սրապիոնեան, ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Թ. Ներսիսեան, Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ա. Անդրէասեան, Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վ. Վարդանեան, ԱՊՀ երկիրներու հայ համայնքներու վարչութեան Կովկասի տարածաշրջանի հայ համայնքներու հետ կապերու բաժինի պետ Տ. Շագոյեան, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Պելառուսի, Մոլտովայի հայ համայնքներու հետ կապերու բաժինի պետ Է. Յովսէփեան, Միջինասիական երկիրներու հայ համայնքներու հետ կապերու բաժինի պետ Ա. Զոհրաբեան, նախարարութեան աշխատակիցներ: Օդեսայէն տեսաժողովին մասնակցեցան Օդեսայի հայկական համայնքի ղեկավար Ս. Տիգրանեան, Օդեսայի հայկական համայնքի փոխնախագահ Ա. Կարաջեան, Օդեսայի Գալուստեանի անուան Մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Աննա Գէորգեան, Օդեսայի Մ. Մաշտոցի անուան Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Էլէն Պօղոսեան:
Ողջունելով հեռաժողովի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան կարեւոր համարեց այն, որ չնայած երկրին մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամին` հայ համայնքը կը շարունակէ իր հայապահպան գործունէութիւնը եւ Օդեսայի համայնքի բարօրութեան ուղղուած ջանքերը:
Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ա. Անդրէասեան խօսեցաւ Օդեսայի հայ համայնքի հետ տարուող աշխատանքներու, Սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած ծրագիրներու, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Օդեսայի հայ համայնքի միջեւ գործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման, մասնակցութեան աշխուժացման մասին:
Օդեսայի հայկական համայնքի խնդիրներուն անդրադարձաւ համայնքի նախագահ Սամուէլ Տիգրանեան: Ան ըսաւ, որ չնայած երկրին մէջ տիրող լարուած իրավիճակին, Օդեսայի հայ համայնքը կը շարունակէ ապրիլ հասարակական եւ մշակութային բնականոն կեանքով: Ան ներկայացուց Օդեսայի հայ համայնքին նուիրուած եւ «Արարատից Կարպատներ. Ուկրաինայի հայերը» գիրքը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ հայ համայնքի արտաքին կապերու զարգացման ուղղուած քայլերուն մասին:
Համայնքի ներկայացուցիչներէն Էլէն Պօղոսեան` շնորհաւորէով նախարարութեան 6-ամեակին առիթով, նշեց. «Այս նախարարութիւնը աւելի շուտ պէտք է ստեղծուէր: Սփիւռքի եւ նախարարութիւն կապը արդիւնաւէտ է, մենք պատրաստ ենք շարունակելու մեր յետագայ համագործակցութիւնը»:
Քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ հայ համայնքին կողմէ իրականցուող ձեռնարկներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: