Այսօր Հայ Մամուլի Օրն Է

Հոկտեմբեր 16-ը Հայ Մամուլի Օրն է:

ՀՀ կառավարութեան 2004-ի Ապրիլ 22-ի որոշմամբ Հոկտեմբեր 16-ը կը նշուի իբրեւ Հայ մամուլի օր: 1794 -ի Հոկտեմբեր 16-ին Մադրասի մէջ  լոյս  տեսած է հայկական առաջին տպագիր պարբերականը` «Ազդարարը»:

«Ազդարարը» հայերէն լեզուով լոյս  տեսած է ամիսը մէկ անգամ`  1794 -ի Հոկտեմբերէն մինչեւ  1796 -ի Մարտ: Ամսագիրը հրատարակած է Յարութիւն Շմաւոնեան: Ընդհանուր առմամբ լոյս  տեսած է 18 համար: Բացի լուրերէն` պարբերականին մէջ կը տպագրուէին նաեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, թարգմանութիւններ եւ պատմական աշխատութիւններ:

Յատկանշական է, որ առաջին հայերէն թերթը լոյս  տեսած է հէնց Սփիւռքի մէջ, ուր այսօր ալ քիչ չեն մամուլի նուիրեալներն ու այդ ձեւով հայու ինքնութիւնը վառ պահողները: «Հայերն այսօր»-ը կը շնորհաւորէ հայաստանեան եւ սփիւռքեան  գործընկերները ու կը մաղթէ հայկական մամուլին նորանոր ձեռքբերումներ ու հպարտանալու բազմաթիւ առիթներ:

Scroll Up