Լալա Շահինեան. «Սփիւռքի Մէջ Ամէն Ինչ Կ’ընենք, Որ Երեխաները Մայրենի Լեզուն Չմոռնան…»
Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր կնքուած է:
Այս բոլորին մասին «Հայերն Այսօրը» զրուցեց Ալմելոյի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Լալա Շահինեանի եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Իռեն Յակոբեանի հետ:
-Տիկի՛ն Շահինեան, պատմէք խնդրեմ, Ալմելոյի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի մասին…
– Կրթօճախը արդէն տաս տարուան պատմութիւն ունի: Այստեղ աշխատանքները կեդրոնացած են օտարութեան մէջ գտնուող հայ երեխաներուն հայոց լեզուն սորվեցնելու ուղղութեամբ: Մեր աշխատակազմի գլխաւոր նպատակը անոնց հայեցի դաստիարակութիւն տալն է, որուն մէկ մասը կը կազմէ սեփական լեզուին տիրապետելը: Սփիւռքի մէջ ամէն ինչ կ’ընենք, որ երեխաները մայրենի լեզուն չմոռնան: Բարձր դասարաններու մէջ նաեւ Հայոց պատմութիւն եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն կը սորվին: Հոլանտայի մէջ կարելի է ըսել` ամէնօրեայ պայքարի մէջ ենք, որպէսզի հնարաւորինս շատ երեխաներ ընդգրկենք դպրոցին մէջ. յայտարարութիւններ կը տարածենք, այցելութիւններ կը կատարենք հայ ընտանիքներուն, կը զրուցենք ծնողներու հետ, որպէսզի իրենց երեխաները բերեն հայերէնը սերտելու: Պէտք է ըսեմ, որ այս ամէնուն մէջ մեծ աւանդ ունին Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վարչութիւնը եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշտոց քահանայ Բաղդասարեանը: Ան նոյնպէս կ’այցելէ ընտանիքներուն եւ կը քարոզէ ծնողներուն, որ իրենց երեխաներուն ինքնութիւնը պահպանելու համար անոնց հայկական դպրոց ուղարկեն: Այսօր արդէն համատեղ աշխատանքի շնորհիւ մեր դպրոցը 200 աշակերտ ունի` վեց դասարաններով:
Այս առիթով կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր դպրոցի տնօրէնին՝ Մանուկ Մկրտչեանին, որ բոլոր հարցերուն մէջ միշտ մեր կողքին է և որեւէ բան չի խնայեր դպրոցի զարգացման ու բարելաւման համար։
Դասարանները անուանակոչած ենք հայկական պատմական տարբեր հերոսներու անուններով` Սասունցի Դաւիթ, Տիգրան Մեծ եւ այլն: Այս միջոցով նոյնպէս կը ցանկանք անոնց ծանօթացնել հայոց պատմութեան եւ ճանաչելի դարձնել այդ անուններուն:
-Տիկի՛ն Յակոբեան, ինչպէ՞ս ծնաւ համագործակցութեան գաղափարը, եւ կնքուած համաձայնագիրը փոխադարձ պարտաւորութիւններու ի՞նչ կէտեր կը ներառէ իր մէջ:
-Համաձայնագիրը կնքուած է այս տարուան ամրան: Մեզի համար մեծ պատիւ էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ առաջարկը ստանալը եւ Ալմելոյի «Գրիգոր Լուսաւորիչ» կիրակնօրեայ դպրոցի հետ համագործակցիլը: Այսօր արդէն ուսումնական հաստատութիւնները քոյր դպրոցներ կը համարուին: Համաձայանգիրը հետեւեալ կէտերը կը ներառէ. համատեղ ուսումնական, կրթական ծրագիրներու իրականացում, ուր պէտք է կատարուին փորձի փոխանակումներ Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին կողմէն: Բացի այդ, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծիրէն ներս կրթական, մշակութային տեղեկատուութիւններու փոխանցումներ կը կատարուին: Յաջորդիւ աշակերտներու, ուսուցիչներու ծանօթութիւններու նպատակով փոխայցելութիւններ կ’ըլլան, որոնց իրագործման համար ծրագիրներ կը մշակուին: Կարեւոր կը համարեմ հայոց լեզուի, հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի առարկայական դասընթացներու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, քանի որ սփիւռքի մէջ այդ ամէնուն կարիքը շատ կը զգացուի: Նշեմ, որ համաձայնագիրին մէջ ունինք կէտեր, որոնք կը պահանջեն ուսուցիչներու վերապատրաստում առցանց հեռահաղորդակցութեան միջոցով,ինչպէս նաեւ հեռավար բաց դասեր, թեմատիկ տեսաժողովներ, կլոր սեղան քննարկումներ: Իսկ աշակերտներու շփումը իրար հետ նոյնպէս պիտի կազմակերպուի համացանցի միջոցով: Մեր քոյր դպրոցին արդէն տրամադրած ենք մեթոդական ձեռնարկներ, տետրեր, ձեռնարկներ պատրաստելու սենարներ: Պէտք է ապահովենք այս դպրոցի աշակերտներու աշխոյժ մասնակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն, ինչպիսիք են «Արի տուն»-ը, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը եւ միւսները:
Առհասարակ, կը կարծեմ` օգտակար եւ անհրաժեշտ է այս համագործակցութիւնը: Մենք պարտաւոր ենք օգնութեան ձեռք մեկնելու մեր հայրենակիցներուն, խթանելու, ոգեւորելու հայապահպանութեան ուղղուած անոնց բոլոր ձեռնարկները: Այս գործին մէջ անուրանալի է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան դերը:
Տեսնելով այս գերատեսչութեան սրտացաւ վերաբերմունքը հայապահպանութեան խնդիրին` ինքս ոգեւորուած եմ եւ կը ցանկամ այդ գործի մասնակիցը դառնալ: Այդպէս, արդէն «Արի տուն» ծրագիրի տարբեր տարիներէ եօթ սփիւռքահայ երեխայ հիւրընկալած եմ իմ տան մէջ: Շատ ջերմ յարաբերութիւններ ձեւաւորեցինք իրարու հետ եւ կապն առ այսօր կը շարունակենք պահպանել:
Շատ ուրախ եմ, որ Ալմելոյի «Գրիգոր Լուսաւորիչ» կիրակնօրեայ դպրոցի հետ այս համագործակցութիւնը կայացաւ եւ հիմա ընթացքի մէջ է:
-Տիկի՛ն Շահինեան, որեւէ խօսք ունի՞ք աւելցնելու այս ամէնուն հետ կապուած:
-Ըսեմ, որ մինչ համաձայնագիրի կնքումը Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի մասին գովասանքի բազում խօսքեր լսած էինք: Գիտէինք` պատմական մեծ անցեալ ունեցող դպրոց է, ուր Խաչատուր Աբովեանը կազմաւորման առաջին տարիներուն դպրոցի տեսուչը եղած է: Գալով դպրոց, տեսնելով տնօրէն-ուսուցիչ-աշակերտ ջերմ յարաբերութիւնը` համոզուեցայ այդ հարցով: Հիմա վստահ կրնամ ըսել, որ շատ բան պիտի սորվինք այս դպրոցէն: Շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին մեր հանդէպ ունեցած ուշադրութեան համար, միշտ զգացած ենք անոր հոգատարութիւնը: Երբ 2012 թուականին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2-րդ կարգի մրցանակ ստացանք, շատ ոգեւորուեցանք եւ սկսանք դրական լիցքերով շարունակել մեր աշխատանքը:
Վերջաւորութեան հետաքրքիր պատմութիւն մը կ’ուզեմ պատմել. մեր դպրոցի աշակերտներէն մէկը հայերէն սորվելէ ետք դադրեցուց դասընթացներու յաճախումը: Յետոյ ան եկաւ Հայաստան` «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու համար: Վերադառնալով Ալմելօ` հայրենասիրութեամբ լեցուած որոշեց շարունակել հայերէնի դասերը, եւ իր հետ դպրոց յաճախելու նպատակով երեք հայ ընկերներ բերաւ: Տպաւորուած եմ շատ այս պատմութենէն…
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան