ՀԲԸՄ-ը ու «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկու­թիւնը 130 հա­զար տո­լար պիտի յատկացնեն սու­րիահայ ու­սա­նող­նե­րուն

2013ին, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռքի նա­խարա­րու­թիւնը, ՀՀ Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը, ՀԲԸՄ-ը ու «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկու­թիւնը ստանձնած էին Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­սում ստա­ցող սու­րիահայ ու­սա­նող­նե­րու՝ 2013-2014 տա­րեշրջա­նի ուսման ծախ­սե­րու դի­մագ­րա­ւու­մը: Սու­րիահայ 380 ու­սա­նող­ներ օգ­տո­ւեցան նշեալ ծրա­գիրէն:

Նկա­տի ու­նե­նալով ծրա­գիրին կեն­սա­կան նշա­նակու­թիւնը՝ ՀԲԸՄ եւ «Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկու­թիւնը 2014-2015 եւ 2015-2016 ու­սումնա­կան տա­րեշրջան­նե­րուն եւս պի­տի շա­րու­նա­կեն ծրագիրը, իւրաքանչիւրը տրամադրելով 130 հա­զար տո­լար, իսկ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը, իր կար­գին, սու­րիահայ ու­սա­նող­նե­րու հա­մար ար­դէն իսկ կի­րար­կո­ւող զեղ­չե­րուն կող­քին, պի­տի յատ­կացնէ յա­ւելեալ գու­մարներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը :

Scroll Up