Արաքս Մանսուրեան Իր Սաներուն Միջոցով Նուէր Կը Մատուցէ Եղբօրը` Տիգրան Մանսուրեանին

Երգչուհի Արաքս Մանսուրեան ու իր չինացի, յոյն եւ աւստրալացի սաները համերգներ պիտի նուիրեն երգահան Տիգրան Մանսուրեանին` ծննդեան 75-ամեակին առթիւ: Համերգներէն առաջինը պիտի  կայանայ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ` այսօր: Թենոր Ճիանկ  Հոնկշինը, կոլորատուր սոփրանօ Ճէորճիա Քոքորիսը, սոփրանօ Ռիան Սաունտերսը պիտի երգեն միայն հայերէն: Ինչպէս կը հաղորդէ Panorama.am-ը, լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Արաքս Մանսուրեան:

«Ցանկացայ, որ իմ եղբօր տարեդարձի առթիւ ելոյթ ունենան իմ սաները: Նրանք մրցոյթների դափնեկիրներ են: Ինձ համար մեծ եւ պատասխանատու գաղափար էր»,- ըսաւ Ա. Մանսուրեան:

Ան նշեց, որ իր սաները մեծ ուրախութեամբ  ընդունած են առաջարկութիւնը, նոյնիսկ Հայաստան գալու համար իրենց տոմսերը գնած են հէնց իրենք:

Ան յայտնեց, որ Երեւանի մէջ կայանալիք համերգը երկու բաժինէ կազմուած է` վոկալ շարք, երկրորդ բաժինին մէջ` Կոմիտաս: Հոկտեմբեր 18-ին Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք համերգին պիտի հնչէ եւրոպական եղանակներ, նաեւ Մանսուրեան:

«Ես այստեղի համերգի ընթացքում ելոյթ չեմ ունենայ: Ծրագիրը հայերէն է, բոլորի հետ նստած տեղից պէտք է երգեմ: Ինչպէս երգեմ այդքանից յետոյ: Ստեփանակերտում մէկ երգ կը կատարեմ»,- ըսաւ ան:

Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Ա. Մանսուրեանի սաները: Անոնք նշեցին, որ իրենց համար կարեւորն այն է, որ իրենք Արաքս Մանսուրեանի հետ են, երկրորդ` կը ծանօթանան տարբեր մշակոյթի, լեզուի հետ:

«Մեզի համար մեծ նուէր է կարենալ մեկնաբանել հայկական երաժշտութիւնը»,- նշեցին անոնք` աւելցնելով, որ Կոմիտասի, Մանսուրեանի երաժշտութիւնը ցուցադրական չէ, այն արեան կանչ է:

Ճիանկ Հոնկշին նշեց, որ հայերէնը դժուար լեզու է:

«Ամէն անգամ երբ կ’երգեմ Մանսուրեան, կը փշաքաղուիմ»,- ըսաւ ան:

Անոնք արդէն տեսած են Երեւան, պիտի երթան Գառնի, Գեղարդ: Ռիանը շատ  կ’ուզէր երթալ Սեւան, սակայն ժամանակ չունին: Ազգային կերակուրները խենթացուցած են իրենց:

Նշենք, որ այսօր Արաքս Մանսուրեան  կը դասաւանդէ Սիտնէյի մէջ` աւստրալական երաժշտութեան ինստիտուտին մէջ` օտարներուն ծանօթացնելով հայկական երգարուեստին հետ:

«Քննութեան ժամանակ իմ սաներն անպայման Կոմիտաս պէտք է կատարեն»,- ըսաւ ան:

Համերգներու հասոյթը պիտի յատկացուի հիւանդ երեխաներու բուժման: Ա. Մասնուրեան ըսաւ, որ նաեւ Սիտնէյի մէջ  համերգ կազմակերպած են, ինչպէս նաեւ Զաքօս ընտանիքի, Փոլա եւ Վազրիկ Յովհաննիսեանի կողմէ գումար  նուիրաբերուած է Հայաստանի մէջ հիւանդ երեխաներուն օգնելու համար:

Scroll Up