Մոնսերատ Քապալիէն` Կրկին Արցախի Մէջ

Աշխարհահռչակ սոփրանօ Մոնսերատ Քապալիէն Հոկտեմբեր 12-ին այցելած է Արցախ: Հոկտեմբեր 14-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ երգչուհիի բացառիկ համերգը` նուիրուած Արցախի մէջ զինադադարի հաստատման 20-ամեակին, այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ստեփանակերտի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական քոլեջին մէջ Մոնսերատ Քապալիէն վարպետութեան դասեր պիտի տայ Արցախցի երիտասարդ օփերայի երգիչներուն: Ծրագրուած է Մ.Քապալիէի հանդիպումները Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ հոգեւոր առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հետ:
Մոնսերատ Քապալիեն Արցախ ժամանած է իր հարազատներուն, սպանացի թենորի եւ նուագակցողի հետ:
Այցի ծրագիրը կ’իրականացուի ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ստարմուս» ընկերութեան համագործակցութեամբ: Համերգի գլխաւոր հովանաւորն է «Կոնվէրս Բանկ» ՓԲԸ–ը: Հովանաւոր` «Աֆինա Պալլատա» ՓՊԸ–ը:
Մոնսերատ Քապալիէն առաջին անգամ Արցախ այցելած է 2013թ. Յունիսին: Նոյն թուականի Դեկտեմբեր 12-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է անոր «Հայաստան եւ Արցախ. քրիստոնէութեան կղզեակ» ալպոմի շնորհանդէսը: Հէնց Փարիզի մէջ ալ ճանչցուած երգչուհին խոստացած է կրկին գալ Արցախ:
«…Կը վերադառնամ Արցախ եւ այս անգամ երգելու համար: Ձեզի հետ, Ձեր փոքրիկ, բայց ուժեղ երկրին մէջ պիտի տօնեմ զինադադարի կնքման 20-ամեակը: Կը յուսամ տեսնելու Ձեզ Ստեփանակերտի մէջ, հանդիպելու իմ հին ընկերներուն եւ երգելու անոնց համար` յանուն խաղաղութեան եւ Արցախի բարգաւաճման»,- գրած է Մոնսերատ Քապալիէն` Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանին ուղղուած նամակին մէջ:
Մոնսերատ Քապալիէն ծնած է 1933թ., Պարսելոնա (Սպանիա): Կը համարուի 20-րդ դարու լաւագոյն սոփրանօներէն մէկը: 1974 թուականին ճանչցուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան պատուաւոր դեսպան, 1991-ին` Խաղաղութեան դեսպան, 1994-էն ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի Բարի կամքի դեսպան է: