Կիպրահայոց ներկայացուցիչները Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին այցելեցին

Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմէզեան եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեան այցելութիւն մը տուած են Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի։ Այս մասին կը յայտնէ “Ազատ օր”-ը:
Պետական ներկայացուցիչը ներկայացուցած է առաջնորդ Սրբազան հայրը, յայտնելով թէ ան միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական հարուստ փորձառութեամբ եկած է Կիպրոս եւ արդէն իսկ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ միջ-յարաբերական բոլոր նախաձեռնութիւններուն։
Հանրապետութեան նախագահը հակիրճ կերպով պարզած է Կիպրոսի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը եւ մեծ գովեստով խօսած է կիպրահայութեան՝ երկրի յյառաջդիմութեան բերած նպաստին մասին: