Թուրք գրող. Ներողութիւն Չեմ Խնդրեր, Որովհետեւ Յանցանքը Ներողութիւնով Ծածկել Հնարաւոր Չէ

Գերմանաբնակ, ազգութեամբ թուրք Էրտալ Շահինի «1915 -ի դահիճի փոխակերպում» գիրքը կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ուր հեղինակը նաեւ ինքզինքը  մեղաւոր կը ճանչնայ հայերու դժբախտ էջին համար: Հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ան ընդգծեց, որ իրենք եւս մեղաւոր են Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, քանի որ թոյլ  տուած են, որ այն տեղի ունենայ, այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:

«2009-2010թթ-ին ես առիթ  ունեցած եմ մասնակցելու պեռլինեան  ժողովի մը, ուր յոյները եւ յատկապէս հայերը մօտենալով մեզի ըսին` դուք ձեզ վատ մի զգաք, դուք մեղք չունիք, ձեր մեծհայրերը ըրած են: Ես ըսի` եթէ ես համապատասխան կեցուածք չեմ ընդուներ, կարծիք չեմ յայտներ, կը նշանակէ ես ալ կը շարունակեմ ցեղասպանութիւնը, ես անոնցմէ կը տարբերիմ միայն այն պարագային, եթէ քայլ առնեմ: Ես չեմ տարբերիր ոճրագործէն, եթէ կը լռեմ, գործով պէտք է զանազանուիմ»,- ըսաւ ան:

Այս գիրքը լոյս  տեսած է երեք լեզուներով` գերմաներէն, թրքերէն ու հայերէն: Ինչպէս բացատրեց հեղինակը` գերմաներէն գիրքը Գերմանիոյ մէջ  բնակող թուրք հասարակութեան համար է, որ կարդան ու առերեսուին իրենց
պատմութեան հետ, ինչ-որ բան փոխեն մտածելակերպի մէջ:

«Թրքերէնը` թրքալեզու համայնքին համար է, որ Թուրքիոյ մէջ հնարաւորինս շատ մարդ կարդայ ու հարեւան ժողովուրդի ցաւը կարենայ ընկալել: Ես ուզեցի, որ գիրքը նաեւ հայերէն լոյս տեսնէ, որ հայ ժողովուրդն ալ իմանայ թէկուզ քիչ թիւով, բայց կան մարդիկ, որոնք իրենց հոգիի ճիչը պիտի արձակեն»,- ըսաւ ան:

Էրտալ Շահինը նշեց, որ ներկայիս մարդոց մեծամասնութեան չի հետաքրքրեր այս հարցերը, անոնք իրենց համար ընտրած են  ուղի մը ու չեն տեսներ իրականութիւնը:

«Այս գիրքով ես ներողութիւն չեմ խնդրեր հայ ժողովուրդէն, որովհետեւ յանցանքը ներողութիւնով ծածկել հնարաւոր չէ: Պէտք է ինչ-որ բան մը ընել, այլապէս կը կրկնուի այս յանցանքը, գիրքը պարզապէս մարդկային ճիչ է:    Կ’ուզեմ մարդոց ըսել, որ իւրաքանչիւրը բան մը պէտք է ընէ, որ կեանքը դառնայ   աւելի արդար»,-    ըսաւ ան:

Scroll Up