ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Արժանթինահայ Մշակութային Միութեան Նախագահ Ատրիան Լոմլոմճեանը
Սեպտեմբեր 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց արժանթինահայ մշակութային միութեան նախագահ Ատրիան Լոմլոմճեանը:
Նախարարը բարձր գնահատեց տասնամեակներ շարունակ Արժանթինահայ մշակութային միութեան ջանքերը` ուղղուած համայնքին մէջ հայապահպան գործունէութիւնը արդիւնաւէտ իրականացնելուն:
«Ձեր ծնողները նոյնպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն վերապրածների զաւակներ են, ովքեր Մարաշից գաղթելով` նախ հաստատուել են Հալէպում, այնուհետեւ տեղափոխուել Արժանթինա: Ուրախ եմ, որ Դուք ամէն ինչ անում էք մեր երիտասարդներին հայեցի դաստիարակութիւն տալու գործում, – նշեց նախարար Հրանուշ Յակոբեան` աւելցնելով, – Հայաստանցի հանդիսատեսը մշտապէս բարձր ծափերով է ընդունում միութեան կից գործող «Գայեանէ» պարախմբի ելոյթները հայրենիքում»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Ատրիան Լոմլոմճեանը ներկայացուց արժանթինահայ համայնքի առջեւ ծառացած ներկայ խնդիրները` նշելով, որ իրենց միութիւնը ջանք ու եռանդ չի խնայեր համայնքի միասնականութիւնը պահպանելու գործին մէջ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը Արժանթինահայ մշակութային միութեան նախագահին ներկայացուց «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման ծրագիրը եւ յոյս յայտնեց, որ համայնքը հնարաւորինս աշխոյժ մասնակցած է սուրիահայերու համար կառուցուող թաղամասի աջակցութեան ծրագիրին:
Քննարկուեցան «Հայրենիք-Սփիւռք» 5-րդ համահայկական համաժողովի արդիւնքով հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան կէտերը Արժանթինի հայ համայնքէն ներս կեանքի կոչելուն ուղղուած հարցեր: