Հրանդ Տինքի Այրին Տերսիմահայերուն Կոչ Ուղղած Է Չվախնալու Արմատներուն Վերադառնալու Գաղափարէն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/01247.jpg)
Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ “Հայ Տերսիմ” խորագիրով իրականացած է Տերսիմի հայերուն զօրակցութեան օր Տերսիմի հայերու նկատմամբ կիրառուած ցեղասպան քաղաքականութեան եւ անոնց ներկայ վիճակին վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress.am-ը՝ ըստ թրքական Demokrathaber.net-ին:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են տերսիմահայերու ընկերութեան ներկայացուցիչներ Սթեֆան Ճեմ Հալաւուրթը եւ Ռոպեր Ռեճեպ Քայեանը, որոնք նշած են, որ Հրանդ Տինքի` սեփական կեանքը արժած հաւատքն ու կեցուածքը մեծապէս ոգեշնչած են Տերսիմի հայերը:
Անոնք ուշադրութիւն հրաւիրած են այն փաստին վրայ, որ 1915 թուականէն առաջ եւ ետք տերսիմահայերու հետ տեղի ունեցածը իսկական ցեղասպանութիւն եղած է: Կարեւոր համարելով տարածաշրջանին մէջ եկեղեցիներու, վանքերու եւ դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքները` Հալաւուրթը յայտնած է, որ իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ են կրօնական դասընթացներ սկսիլը եւ Տերսիմի կեդրոնին մէջ եկեղեցի կառուցելը:
Ձեռնարկի մասնակիցներէն Յովսէփ Սէյրանի փաստած է, որ ցեղասպանութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի տարբեր ձեւերով: Անոր համոզումով` անցեալէն մնացած հետքերու եւ մշակոյթի ոչնչացման ուղղուած ջանքերը եւս ցեղասպանութեան ուղեկցող գործողութիւններ են:
Իր խօսքով ներկաներուն դիմած է ձեռնարկին ներկայ Ռաքէլ Տինքը` Հրանդ Տինքի այրին , որ տերսիմահայերուն կոչ ուղղած է չվախնալու սեփական արմատներուն վերադառնալու գաղափարէն: “Միայն այդպէս հնարաւոր պիտի ըլլայ հասարակութենէն ներս նպաստել իրականութեան հետ առերեսուելուն: Մէկս միւսիս աւելի մտերմացնողը մեր ընդհանուր ցաւերն են”,- ըսած է Ռաքէլ Տինքը:
Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկած են երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեանը, աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանը: