Քիեւի Հայկական Դպրոցին ՄԷջ Կրկնակի Տօն Էր

Քիեւի հայ համայնքի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու հրճուանքն անսահման էր, երբ սեպտեմբեր 21-ին` ՀՀ անկախութեան տօնին օրը, հրաշալի պարգեւներ ստացան հայրենիքէն. պատկերազարդ գիրքեր, դասագիրքեր եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր:

Այդ ամէնը անոնց  ուղարկուած էր Հայաստանէն`  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն: «Խորին շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն կ’ուզենք յայտնել Հրանուշ Յակոբեանին  եւ Նախարարութեան աշխատակազմին` ազգանուէր եւ ազգապահպան գործունէութեան համար: Վստահ ենք, որ երեխաներն ալ աւելի մեծ ցանկութեամբ եւ եռանդով պիտի սորվին  հայերէնը եւ պիտի դառնան մեր ազգի արժանի ժառանգները»,-ըսուած է Քիեւի հայ համայնքի կիրակնօրեայ դպրոցի կողմէ «Հայերն այսօր»-ին ուղարկուած հաղորդագրութեան մէջ:

Scroll Up