Փրակի Մէջ ՀՀ Անկախութեան Տարեդարձին Նուիրուած Ընդունելութեան Մասնակցած Է Նաեւ Հայաստանի Պատուիրակութիւնը

Սեպտեմբեր 24-ին Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը մայրաքաղաք Փրակի «Ինթերքոնթինենթալ» հիւրանոցին մէջ կազմակերպած էր ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին, այս մասին կը հաղորդէ ԱԳՆ լրատուական ծառայութիւնը:

Ձեռնարկին մասնակցեցան ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլուշէ Հորսգան, Չեխիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտրի նախարար Եան Մլատեկը, խորհրդարականներ, պատգամաւորներ, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներ, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, լրագրողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու, Չեխիոյ գործարար աշխարհի, Չեխիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր Հայաստանէն:

Ելոյթներով հանդէս եկան Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան եւ Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլուշէ Հորսգան: Դեսպանը հիւրերուն ներկայացուց ՀՀ անցած 23-ամեայ ուղին, անցեալի եւ ժամանակակից մարտահրաւէրները, անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին, Հայող Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան համագործակցութեան: Դեսպանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայ-չեխական յարաբերութիւններու աննախադէպ վերելքին, խօսեցաւ ատոնց հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ` Չեխիոյ հայ համայնքի մասին:

Տիկին Հորսգան նոյնպէս անդրադարձ կատարեց վերջին երեք տարիներուն ընթացքին չեխ-հայկական գործակցութեան զարգացման զանազան բնագաւառներուն` ընդգծելով երկու երկիրներու ընդհանրութիւնները, յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները: Ան հպարտութեամբ նշեց, որ Չեխիան պատրաստակամ է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն:

Scroll Up