Ղազախստանի Աքտաու Քաղաքին Մէջ Խաչքար Պիտի Տեղադրուի

Ղազախստանի Մանգիստաուի Մարզի Աքտաուի Հայկական Մշակութային կեդրոնի նախագահ Հայրապետ Կուրտօղլեանի նախաձեռնութեամբ 2015 թ.-ի Սուրբ Զատկուան  տօնին ընդառաջ Ղազախստանի Աքտաու քաղաքին մէջ  հայ համայնքին համար խաչքար պիտի կանգնեցուի: Այս մասին «Հայերն այսօր»ին կը տեղեկացնէ Հայրապետ Կուրտօղլեան, որ այս օրերուն Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ  կը գտնուի: «Ղազախստանի մէջ հայկական եկեղեցի չկայ, միայն 1877 թուականին կառուցուած հին մատուռ մը  պահպանուած է: Որոշմանս մասին տեղեկացուցած եմ Ղազախստանի հոգեւոր հովիւին, ինչպէս նաեւ այս հարցին շուրջ ստացած եմ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի համաձայնութիւնը: Խաչքարը Հայաստանէն պիտի տանիմ Ղազախստան եւ յոյս ունիմ, որ յաջորդ տարի` Սուրբ Զատիկին, այն արդէն տեղադրուած կ’ըլլայ,-ըսած է Հայրապետ Կուրտօղլեան:

 

Scroll Up