Յունահայ Համայնքը Տօնած Է Անկախութեան 23-րդ Տարեդարձը

Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը Սեպտեմբեր 22-ին Աթէնքի «Ինթերքոնթինենթալ» հիւրանոցի «Athenaeum» հանդիսութիւններու սրահին մէջ կազմակերպած էր ընդունելութիւն` ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով:

Ձեռնարկին մեկնարկեց Հայաստանի եւ Յունաստանի պետական օրհներգերու կատարմամբ` Յունաստանի «Էւելպիտոն» ռազմական ակադեմիոյ հայ կրտսեր զինուորականներու պատուոյ պահակախումբի ուղեկցութեամբ:

Ողջոյնի խօսքով ներկաներուն դիմեց Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան` ամփոփ ներկայացնելով անկախութենէն ի վեր Հայաստանի կայացման ուղին, հայ-յունական երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը, ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները` շեշտելով ատոնց ամրապնդման կարեւորութիւնը` անդրադառնալով նաեւ յունահայ համայնքի դերին տարբեր ոլորտներու մէջ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ գործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ:

Բազմամարդ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Յունաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ, խորհրդարանի «Յունաստան-Հայաստան» բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի նախագահ Ա. Կակլամանիսը, Յունաստանի խորհրդարանի «Յունաստան-Հայաստան» բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի նախկին նախագահ, «ժողովրդավար ձախեր» կուսակցութեան առաջնորդ Ֆ. Կոււելիսը, ԵԽԽՎ-ի մէջ Յունաստանի պատուիրակութեան անդամ պատգամաւորներ, Յունաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Կ. Կերոնթոփուլոսը, Յունաստանի ԱԳՆ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան զարգացման հարցերով գլխաւոր քարտուղար Պ. Միխալոսը, Աթիքայի նահանգապետի տեղակալ Է. Կիպրիանիդուն, Աթէնքի քաղաքապետի տեղակալ Ս. Սպիրոպուլուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ներկաներուն մէջ էին նաեւ Յունաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ եւ դիւանագէտներ, միջազգային, մշակութային ու հասարակական կազմակերպութիւններու, գիտութեան, մշակոյթի եւ արուեստի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, գործարարներ, լրագրողներ, յունահայ համայնքի, ինչպէս նաեւ` համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Բազում շնորհաւորական ուղերձներ ստացուեցան  շարք մը բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներէ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներէ:

Scroll Up