Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Անկախութեան 23-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ
Սեպտեմբեր 22-ին Ս. Փեթերսպուրկի հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ անկախութեան 23-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ, որ կազմակերպած էր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան ՌԴ ԱԳՆ, Ս. Փեթերսպուրկի կառավարութեան, Լենինկրատի մարզի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, գիտական եւ մշակութային յայտնի գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ այլն:
Ընդունելութեան ելոյթով հանդէս եկաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 23 տարիներու կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն: ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը ներկայացուց միջազգային եւ տարածաշրջանային հիմնախնդիրներու վերաբերեալ ՀՀ մօտեցումները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան համատեղ ջանքերը:
Իր ելոյթին մէջ Հրայր Կարապետեան կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով ամբողջ յառաջադէմ մարդկութեան կողմէ դատապարտող դիրքորոշումներ հնչեցնելու կարեւորութիւնը` ապագային նոր ցեղասպանութիւններ եւ մարդկութեան դէմ այլ ոճիրներ կանխարգելելու նպատակով:
Ձեռնարկին ընթացքին ընթերցուեցան Ս. Փեթերսպուրկի նահանգապետ Գէորգի Պոլտաւչենկոյի, Լենինկրատի նահանգապետ Ալեքսանտր Տրոզտենկոյի եւ Ս. Փեթերսպուրկի Օրէնսդիր ժողովի ղեկավար Վեաչեսլաւ Մակարովի շնորհաւորական ուղերձներն ու մաղթանքները: Ելոյթներով հանդէս եկան Ս. Փեթերսպուրկի կառավարութեան արտաքին կապերու կոմիտէի նախագահ Եւգենի Գրիգորեւը, պետական Էրմիթաժի տնօրէն Միխայիլ Փիատրովսկին:
Ձեռնարկը աւարտեց համերգով, որուն ընթացքին հնչեցին հայ եւ ռուս արուեստի գործիչներու ստեղծագործութիւնները: