«Հայաստան-Սփիւռք» համաժողովի մասնակիցները հիւրընկալուեցան ՀՀ Ազգային ժողով

Սեպտեմբերի 19-ին «Հայաստան-Սփիւռք» հինգերորդ համաժողովի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Ազգային ժողով եւ հանդիպեցան ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ: Հանդիպմանը ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ: ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան ողջունեց համաժողովի մասնակիցները եւ նախապէս շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնը: Ան բարձր գնահատեց Սփիւռքի դերը հայոց պետականութեան կերտման գործին մէջ եւ մասնաւորապէս ըսաւ,- «Դուք կամրջում էք երկրներ ու լեզուներ, մշակոյթներ ու պետութիւններ, կամրջում էք այնքան ամուր, որ նաեւ ձեր՝ աշխարհի տարբեր պետութիւնների օրինապահ ու արժանապատիւ քաղաքացիներիդ շնորհիւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ունի բարեկամների լայն շրջանակ, վստահելի գործընկերներ եւ միաժամանակ, յուսալի գործընկերոջ համբաւ միջազգային հանրութեան բազմանդամ ընտանիքում: Մենք բարձր ենք գնահատում հայրենիքի հանդէպ ձեր նուիրումն ու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքում եւ սփիւռքում իրականացուող գործունէութիւնը»: Աժ նախագահը յոյս յայտնեց, որ իբրեւ կատարած ծանրագոյն յանցանք ընդունելու եւ ապաշխարելու առաջին քայլ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին, ի թիւս բազմաթիւ մարդկոց, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կ’այցելեն ոչ միայն թուրք արժանապատիւ մտաւորականներ, այլեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝ առանց կեղծարարի դիմակի: Գալուստ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի բոլոր հայրենակիցներուն այն ջանքերուն եւ նուիրուածութեան համար, որ անոնք կը գործադրեն հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնացման, հայոց արդար դատը տրամաբանական աւարտին հասցնելու, հայապահպանութեան նպաստելու համար

Scroll Up