Սերժ Սարգսեան. Առանց անցեալի Յանցանքների Դատապարտման Չի Կարող Լինել Խաղաղութիւն Եւ Չի Կարող Լինել Անվտանգ Ապագայ

Սեպտեմբեր 18-ին Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով մեկնած է Սուրբ Աթոռ (Վատիկան): Հանրապետութեան Նախագահը Հռոմի մէջ` Վիտտորիանօ թանգարանային համալիրին մէջ, մասնակցած է «Արեւելքի առակ. Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեակի մարտահրաւէրներու առջեւ» խորագիրով լուսանկարներու   ցուցահանդէսի   բացման:   Այն    նպատակ        կը    հետապնդէ     միջազգային   հանրութեան
ուշադրութիւնը հրաւիրել Մերձաւոր Արեւելքի` հազարամեայ արմատներ ունեցող` այժմ վտանգուած քրիստոնեայ համայնքներու վիճակի, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանին մէջ քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ:
Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են Մերձաւոր Արեւելքի ինը երկիրներու մէջ առնուած լուսանկարներ, առանձին բաժին կը կազմէ Ջուղայի հայկական խաչքարերու ոչնչացումը փաստող վաւերագրական շարժանկարը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի լրատուական ծառայութենէն:

Ցուցահանդէսը, որ ս.թ. օգոստոս 24-ին Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամէնամեայ փառատօնի ծիրէն ներս, կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ անոր հովանիի ներքոյ, Հռոմէն բացի, պիտի շրջի այլ քաղաքներու մէջ եւս:

Ցուցահանդէսի բացման ելոյթով հանդէս  եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ցուցահանդէսի թեմայի կարեւորութեան, նպատակին, մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու վիճակին եւ առհասարակ քրիստոնէութեան գոյութեան, սոցիալական, մշակութային արժէքներու պահպանման նկատմամբ խորը մտահոգութեան մասին իրենց ելոյթներուն մէջ խօսած են նաեւ Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան, Ս. Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմպալիացցօ, Սուրբ Աթոռի մշակոյթի հարցերով քահանայապետական խորհուրդի նախագահ քարտինալ Ջանֆրանկօ Ռաւազին:

Նախագահն այցելած է նաեւ Սան Պարտոլոմէօ (Սուրբ Բարդուղիմէոս) եկեղեցի, որու մատուռներուն մէջ տեղ գտած են քրիստոնեայ նահատակներու` ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու վերաբերեալ յիշատակումներ: Եկեղեցւոյ գլխաւոր խորանին առջեւ Սերժ Սարգսեան ծաղկեպսակ դրած է եւ յարգանքի տուրք մատուցած նահատակներու յիշատակին: Հանրապետութեան Նախագահը դիմելով եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հաւատացեալ ժողովուրդին` նշած է, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եկեղեցին առանձնայատուկ նշանակութիւն եւ դերակատարութիւն  ունեցած է:
Ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը տեւական ժամանակ պետականութիւն չէ ունեցած. վերջին հայկական թագաւորութիւնը մարած է 600 տարի առաջ` Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն եկեղեցին պետութեան շատ գործառոյթներ վերցուցած է իր վրայ: Նախագահի խօսքով, Հայաստանի մէջ կը համարեն, որ նաեւ անոր շնորհիւ է, որ մեր ժողովուրդը կրցած է անցնիլ պատմութեան քառուղիներով եւ հասած 21-րդ դար: Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Սուրբ Բարդուղիմէոս, որուն անունով կը կոչուի Հռոմի մէջ` տիբեր կղզիի վրայ գտնուող այս եկեղեցին, կը համարուի Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մէկը: «Թող Աստուած մեզ բոլորիս ուժ ու կարողութիւն տայ, որպէսզի մենք մեր քրիստոնէական արժէքները կարողանանք փոխանցել մեր սերունդներին»,- ըսած է Նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ի պատիւ Հայաստանի Նախագահի` այսօր Սան Էճիտիօ քրիստոնէական համայնքի անունէն տրուած է ճաշ:

 

Scroll Up