Նախագահն Ընդունած Է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/Untitled-129.jpg)
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հիւրընկալած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի լրատուական ծառայութենէն:
Երեւանի մէջ յառաջիկայ օրերուն իրականացուելիք կարեւորագոյն երկու ձեռնարկներէն` Եկեղեցական-ներկայացուցչական 5-րդ ժողովէն եւ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովէն առաջ Հանրապետութեան Նախագահը, Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետն անդրադարձած են աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մայր հայրենիքի առջեւ ծառացած համազգային խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներուն եւ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան: