ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Ղազախստանի Հայերու Միութեան Ղեկավար Էռնեստ Վարդերեսեանը

Սեպտեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Ղազախստանի հայերու միութիւն» եւ «Մասիս» հայկական մշակութային կազմակերպութիւններու ղեկավար, Ալմաթիի «Եւրոպոլիս» թաղամասի սեփականատէր, գործարար  Էռնեստ Վարդերեսեանը, որ Հայաստան  ժամանած է Հայրենիք-Սփիւռք 5-րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Բարձր գնահատելով Է.Վարդերեսեանի` Աստանայի եւ Ալմաթիոյ մէջ կիրակնօրեայ դպրոց բանալու, հայկական եկեղեցի կառուցելու, հայ համայնքի թերթը ստեղծելու աշխատանքները ի վերջոյ նախաձեռնելու եւ ընթացք տալու ջանքերը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ ենք, որ Ղազախստանում մեր հայրենակիցները կարողանում են աշխատել եւ ապրել արժանապատիւ կեանքով Նախարարութիւնը սիրով կ’աջակցի Ղազախստանում հայապահպան գործունէութիւն ծաւալող նորաստեղծ կազմակերպութեանը»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարն ուրախութեամբ ընդգծեց, որ 2014 թ. Է. Վարդերեսեանի ջանքերով ստեղծուած հայկական երկու կազմակերպութիւնները նպատակ ունին համալրելու Ղազախստանի տարբեր շրջաններու մէջ գործող 17 համայնքային կազմակերպութիւններու շարքը, համակարգելու, ուղղորդելու հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերը, իսկ համայնքի ղեկավարի մասնակցութիւնը «Իմ Հայաստան» համահայկական 2-րդ փառատօնին նոր ազդակ հաղորդեց Ղազախստանի մէջ հայ ազգային պարախումբեր հիմնելու եւ յաջորդ փառատօնին Ղազախստանի հայ համայնքի մասնակցութիւնը ապահովելու միտուած ջանքերուն:

Զրոյցի թեման հայապահպանութիւնն էր` իր տարբեր դրսեւորումներով: Մէկ պարագան  այն է` հայկական դպրոցներու ցանցը ընդարձակելու կարեւորութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութեան խնդիրին համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելը, հայ երիտասարդներուն իրենց պատմական հայրենիքի հետ կապելն ու անոր մշակոյթին հաղորդակից դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, միւս կողմէ` հայրենիքի մէջ ներդրումներ կատարելու, գործարարութեան ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւնը:

Էռնեստ Վարդերեսեան ներկայացուց 2014 թ, ստեղծուած հայկական 2 կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը` յատկապէս կարեւոր համարելով երկրի հայաշատ քաղաքներուն մէջ հայապահպանական գործի կազմակերպման ուղղուած նոր կառոյցներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ աջակցութեան պատրաստակամութեան համար` Է.Վարդերեսեան նշեց, որ յառաջիկային ծրագրած են այցելել Հայաստան եւ երիտասարդներուն ծանօթացնել հայրենի պատմական յուշարձաններուն:

Նախարար Հ.Յակոբեան կոչ ըրաւ առաւել աշխոյժ ներգրաւուելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, որոնք միտուած են համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան գործն առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելուն:

Scroll Up