Վերաբացում Լաս Վէկասի Հայկական Շաբաթօրեայ Դպրոցի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/0180.jpg)
Սեպտեմբեր 13-ին Լաս Վէկասի հայկական շաբաթօրեայ նորակառոյց դպրոցը իր դռները վերաբացաւ ամերիկաբնակ հայ երեխաներուն առջեւ:
Հայ օգնութեան միութեան եւ UCLA «Dream» («Երազանք») հիմնադրամի աջակցութեամբ Նեւադա նահանգի Լաս Վէկաս քաղաքին մօտ 60 հայ երեխայ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ամէն շաբաթ յաճախելու A.R.S Shoushi Chapter հայկական շաբաթօրեայ դպրոց: Իր գոյութեան 20-ամեայ պատմութեան մէջ դասերը պիտի իրականացուին վերանորոգուած մեծ ու լուսաւոր դասարաններու մէջ:
Նորագոյն արուեստագիտութեան միջոցներով վերազինուած դպրոցը կը գործէ Լաս Վէկասի հայկական Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ (St. Garabet) կից մշակոյթի կեդրոնին մէջ: Մինչ 2011թ. դպրոցի ուսուցիչները, չունենալով սեփական տանիք, ստիպուած էին հայ երեխաներուն մայրենի լեզուն ուսուցանել առանձին վարձակալած տարածքներու մէջ: Դպրոցի տնօրէն Հուրի Տարաքճեանի ողջոյնի խօսքէն, տէրունական աղօթքէն ետք սաները մեծ ոգեւորութեամբ ոտք դրին նոր վերանորոգուած, կահաւորուած ու լուսաւոր դասարաններ:
Շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ տարիներէ ի վեր դասերը կ’իրականանային միայն արեւմտահայերէնով, սակայն վերջին տարիներուն հին սփիւռքի մէջ նորի ձեւաւորումը անհրաժեշտութիւն ստեղծեց ուսուցումը իրականացնել նաեւ արեւելահայերէնով: Երեխաներուն, բացի հայերէն տառաճանաչ դարձնելը, դպրոցի տնօրինութեան նպատակը նախ եւ առաջ անոնց հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելն է, հայկական արմատներուն ամուր պահելը, մեր ազգային տօներուն ծանօթացնելը:
Սօնա Քոչարեան Լաս Վէկաս, ԱՄՆ
Լուսանկարները` Սօնա Քոչարեանի
Pressident.am