Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանեայաց
Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Աւագ
արքեպիսկոպոս Ասատուրեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանին մէջ առկայ
հակամարտութիւններու  ծիրէն ներս հայ համայնքի վիճակը եւ առկայ խնդիրները:

Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան ներկայացուց  ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուած
հայերուն աջակցելու ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները, Սրբազանը մասնաւորապէս
նշեց, որ երթալով կը նօսրանան իրաքահայերու շարքերը, անոնք ստիպուած
կը հեռանան այլ երկիրներ: Թեմի առաջնորդը ըսաւ, որ թեմը նիւթական եւ
բարոյական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ հայ ընտանիքներուն, թեմը 85 000 ԱՄՆ
տոլար  բաժնած է  433 ընտանիքի: Տէր Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան
հանդիպած է վերջերս ձեւաւորուած Իրաքի վարչախումբին հետ, ներկայացուցած է
հայկական համայնքին, Իրաքի քրիստոնեաներուն, եզտիներու վիճակին առնչուող
խնդիրները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած այն
ձեռնարկները, որոնք պիտի կազմակերպէ Իրաքի հայկական համայնքը:

Թեմը կ’աջակցի նաեւ աղէտի մէջ յայտնուած եզտիներուն, հայկական եկեղեցւոյ
սրահին մէջ ապաստան  տրուած է 5 եզտի ընտանիքի: Արբազան հայրը ցաւով նշեց, որ
Մուսուլի շրջանը գրաւուած է հակակառավարական ուժերու կողմէ‚ որու
հետեւանքով շրջանի ազգաբնակչութիւնը‚ ներառեալ 58 հայ ընտանիք եւ
ծխատէր քահանան հեռացած են Մուսուլէն, բարեբախտաբար մարդկային կորուստներ
չեն արձանագրուած:

Քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի հետ կապուած հարցեր:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ համաժողովի նախապատրաստական
աշխատանքները աւարտած են, սպասելիքները մեծ:

Scroll Up