Մարմնակրթութեան եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարը Ընդունած Է «Հայաստան-Սփիւռք» 5- դ Համաժողովի Ծիրէն Ներս Հայաստան Գտնուող Նորա Եակուբեանը Եւ Յովսէփ Տէրտէրեանը
ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան սեպտեմբեր 11-ին հիւրընկալած է «Հայաստան-Սփիւռք» 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Հայաստան գտնուող Նորա Եակուբեանը (ԱՄՆ) եւ Յովսէփ Տէրտէրեանը(Լիբանան):
Հիւրերը ներկայացուցած են նախարարի մարմնակրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան առաջարկութիւն, որ կը վերաբերի ջրային մարզաձեւերուն` լող, ջրագնդակ, ջրացատկ: Յ. Տէրտէրեան տեղեկացուցած է, որ ինք, համագործակցելով արտերկրի քանի մը կազմակերպութիւններու, հեղինակաւոր ուվաստակաշատ մարզիկներու եւ
մարզիչներու հետ, պատրաստ է միջնորդելու իր գործընկերներու փորձը հայ մարզիկներուն փոխանցելու գործընթացքը կազմակերպելու համար:
Գաբրիէլ Ղազարեան ողջունած է հիւրերը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնած,
որ Սփիւռքի մէջ բնակող մեր հայրենակիցները պատրաստ են մասնակցութիւն ունենալու Հայաստանի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ: Ան հիւրերուն ներկայացուցած է ջրային մարզաձեւերուն մէջ հայ մարզիկներու ձեռքբերումները եւ նշած, որ կազմակերպչական եւ ֆինանսական շարք մը հարցերու լուծման պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ հասնիլ աւելի լաւ մարզական յաջողութիւններու:
Նախարարը հանդիպման աւարտին շնորհակալութիւն յայտնած է Ն. Եակուբեանին եւ Յ. Տէրտէրեանին այցելութեան համար եւ վստահեցուցած, որ ձեւաւորուելիք համագործակցութեան արդիւնքներէն պիտի շահի միայն հայկական սպորտը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն: