Նոր Հարաւային Ուէլսի Օրէնսդիր Խորհուրդը Ատրպէյճանի Յարձակումները Դատապարտող Յայտարարութիւն Ընդունած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/0159.jpg)
Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի օրէնսդիր խորհուրդը սեպտեմբեր 10-ին ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումները դատապարտող յայտարարութիւն:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի կայքը, նախաձեռնութեան հեղինակն է խորհրդարանական Ֆրետ Նայլը:
Միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ դատապարել Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որ վերջերս դարձեալ յարձակումներ գործադրած է Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, իսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւը լայն ժողովրդականութիւն վայելող թուիթեր ընկերային ցանցի միջոցով պատերազմ յայտարարած էր:
Այդ կապակցութեամբ, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան սերտօրէն աշխատած է Նոր Հարաւային Ուէլսի խորհրդարանի անդամներուն հետ` անոնց ներկայացնելով Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները եւ լարուածութեան վտանգաւոր սրացումը Ատրպէյճանի կողմէ:
Այս յայտարարութեան ընդունումով Նոր Հարաւային Ուէլսի խորհրդարանը եւս մէկ անգամ վերահաստատեց իր սկզբունքային դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ: Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգը 2012 թուականի հոկտեմբերին ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: