ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցած է «ՀԲԸՄ Վահէ Կարապետեան կեդրոն»-ի բացման
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ներկայ գտնուած է մայրաքաղաքի Քանաքեռ Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ «ՀԲԸՄ Վահէ Կարապետեան կեդրոն»-ի բացման արարողութեան: Բացումը կատարած են Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ կեդրոնի հիմնադիր, ամերիկահայ բարերար Վահէ Կարապետեան:
Կեդրոնի բացման մասնակցած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Երեւանի Զաքարիա Քանաքեռցի 1 հասցէին գտնուող եւ 5000քմ տարածք զբաղեցնող` «ՀԲԸՄ Վահէ Կարապետեան կեդրոն»-ի շէնքը միութեան նուիրաբերած է բարերար Վահէ Կարապետեան: Նախատեսուած է, որ կեդրոնը կը դառնայ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման ուղղուած ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան գործնականացման, Հայաստանի մէջ անոր ընդլայնուող ներկայութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ու հայաստանաբնակ երիտասարդներու միջեւ կապերու սերտացման նպաստող հայաստանակեդրոն ծրագիրներու իրականացման կարեւոր օճախ եւ կամուրջ: Այստեղ կ’իրականացուին երիտասարդական, մշակութային եւ կրթական տարաբնոյթ ծրագիրներ, կը կազմակերպուին աշխատաժողովներ ու հանդիպումներ:
Կեդրոնը իր յարկին տակ կը հիւրընկալէ նաեւ ՀԲԸՄ-ի ամենամեայ ամառնային ծրագիրներու մասնակից ու տարբեր երկիրներէ ժամանող հարիւրաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներու եւ դպրոցական խումբերու:
Նախագահը շրջայց կատարած է կեդրոնին մէջ, ծանօթացած գործունէութեան համար ստեղծուած պայմաններուն ու կեդրոնի յետագայ զարգացման ծրագիրներուն: Սերժ Սարգսեան այցելած է նաեւ կեդրոնի առաջին մասնաշէնքին մէջ տեղակայուած «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ գրասենեակ, որ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ գրասենեակ դիմող սուրիահայերուն:
Հանրապետութեան Նախագահին ներկայացուցած են, որ աւարտած են կեդրոնի 3-րդ մասնաշէնքի վերակառուցման նախագծային աշխատանքները, ուր եւս պիտի իրականացուին ՀԲԸՄ երիտասարդական ու մշակութային ծրագիրներ:
Կեդրոնի բացման արարողութեան ծիրէն ներս ՀԲԸՄ-ի կողմէ Վահէ Կարապետեանին շնորհուած է Միութեան բարերար անդամի կոչում: Բարերարը պարգեւատրուած է նաեւ ՀԲԸՄ ոսկէ մետալով: