«Պարտքը».հայ-յոյն ժողովուրդներու պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած յատուկ երեկոյ մը

Ֆիլոփափուի բլուրին վրայ տեղակայուած՝ հելլէն տոհմիկ պարերու «Տորա Սթրաթու» թատրոնէն ներս, Սեպտեմբեր 1-ի երեկոյեան, հայ-յոյն ժողովուրդներու պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած յատուկ երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ: Երեկոն կը կրէր «Պարտքը» խորագիրը եւ նուիրուած էր երկու ժողովուրդներու երեք հազար տարուայ վրայ երկարող աւանդական պատմութեան վրայ:

Պոնտական եւ հայկական երգերուն ու պարերուն ընդմէջէն, ինչպէս եւ 3D mapping համակարգչային արհեստագիտութեան օգտագործումով, հանդիսատեսներուն առջեւ տողանցեցին Տրապիզոնի, Սեւ Ծովու, Իզմիրի ու պատմական Հայաստանի շրջանները, Հայկական եւ յունական ցեղասպանութեան թեմաները: Ելոյթի ծրագիրը մտայղացումն էր Մելիսիայի Պոնտական միութեան պարուսոյց Օմիրոս Փախաթուրիտիսի, որ բեմին վրայ միացուց պարախումբերը, հայկական եւ յունական քոչարիները իրար միախառնելով: Պարերը ներկայացուցին Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի տղաքն ու աղջիկները, ղեկավարութեամբ Էտկար Էկեանի, ինչպէս եւ հայրենի փորձառու պարուսոյց Անահիտ Սարիբեկեանի:

Ներկայ եղան պոնտական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Մելիսիայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, հայկական գաղութի գործօններ: Յայտագրի աւարտին շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ «Տորա Սթրաթու» հելլէն տոհմիկ պարերու նախագահ Ալքիս Ռափթիս, մեծապէս գնահատելով երեկոյի կազմակերպումը եւ նշելով թէ նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն հայ եւ յոյն ժողովուրդներու կապերու սերտացման ու կը խնթանեն համագործակցութիւնը՝ մշակութային եւ քաղաքական դաշտերուն ընդմէջէն: Նշենք, թէ պրն. Ռափթիս կը վարէ նաեւ UNESCOի Պարի Միջազգային խորհուրդի CID նախագահի պաշտօնը: Ան անցեալ տարի այցելեց Երեւանը, Ապրիլ 29ի Պարի Միջազգային Օրուայ առիթով:

www.azator.gr

saripekian-dora-stratou1-3-9-2014 saripekian-dora-stratou3-3-9-2014 saripekian-dora-stratou-3-9-2014 saripekian-dora-stratou4-3-9-2014

Scroll Up