Նար-Դոսի Անուան Դպրոցին Մէջ Քուէյթի Պետութեան Ֆինանսական Աջակցութեամբ Բացուեցաւ Համակարգչային Դասարան

Սեպտեմբեր 5-ին Երեւանի Նար-Դոսի անուան թիւ 14 հիմնական դպրոցին մէջ, ուր կը յաճախէ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած շուրջ 100 սուրիահայ աշակերտ, կայացաւ Քուէյթի Պետութեան ֆինանսական աջակցութեամբ վերազինուած համակարգչային դասարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, ՀՀ-ի մէջ Քուէյթի Պետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ Քապանտիի, Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ  Սողոմոնեանի մասնակցութեամբ:

Աջակցութիւնը ցուցաբերուած էր 2013 թուականի սեպտեմբեր 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի եւ ՀՀ-ի մէջ Քուէյթի Պետութեան դեսպանութեան միջեւ կնքուած յուշագիրին համաձայն` «Աջակցութիւն Հայաստան բնակող սուրիահայերու կրթական հիմնախնդիրներու լուծման» ծրագիրի ծիրէն ներս:

Աշակերտներու ջերմ ողջոյններու ներքոյ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՀ-ի մէջ Քուէյթի Պետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ Քապանտին կտրեցին Քուէյթի Պետութեան անուան համակարգչային դասարանի կարմիր ժապաւէնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախ շնորհաւորեց Նար-Դոսի անուան դպրոցի աշակերտներն ու ուսուցիչները` ուսումնական տարուան մեկնարկին առիթով` ուրախութեամբ նշելով, որ կրթօճախը ի վերջոյ համալրուած է երեխաներու համար այնքան անհրաժեշտ տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ յագեցած դասարանով:

Ապա նախարար Հ.Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ-ի մէջ Քուէյթի Պետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին` սուրիական ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն սուրիահայերուն աջակցելու, ֆինանսական օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Այդ ֆինանսական աջակցութեան ծիրէն ներս ստեղծուեցաւ նաեւ  Նար-Դոսի անուան դպրոցի համակարգչային դասարանը: «Ի զուր չէ, որ Քուէյթը ՄԱԿ-ի կողմից 2014թ. օգոստոսի 18-ին ճանաչուեց  «Միջազգային հումանիտար կենտրոն, իսկ Քուէյթի Էմիր շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ջապեր Ալ Սապահին մարդասիրական գործունէութեան համար` «Մարդասիրական առաջնորդ» կոչմանը: Ձեր պետութիւնն  աջակցում է աշխարհի տարբեր երկրներում հանգրուանած սիրիացիներին, այդ թւում նաեւ սիրիահայերին: Խնդրում եմ, ՀՀ Կառավարութեան եւ մասնաւորապէս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալական խօսքը փոխանցել Քուէյթի Էմիր շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ջապեր Ալ Սապահին, որ մշտապէս մարդասիրական օգնութիւն է յատկացնում դրա կարիքն ունեցող պետութիւններին, այդ թւում` տարբեր երկրներում հանգրուանած սիրիահայերին: Համոզուած եմ, որ Քուէյթի, թէեւ ոչ մեծաթիւ, բայց կազմակերպուած հայկական համայնքը բարեկամութեան յուսալի կամուրջ է եղել եւ կը լինի երկու երկրների միջեւ», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

Գերատեսչութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին` իր առաջարկութիւնը ընդունելու եւ դպրոցէն ներս արաբերէնի խորացուած ուսուցումը լաւ հիմքերու վրայ դնելու համար: «Շնորհակալ եմ նաեւ դպրոցի տնօրինութեանը եւ ուսուցչաաշակերտական ողջ անձնակազմին սիրիական ճգնաժամի պատճառով Հայրենիք տեղափոխուած սիրիահայ երեխաներին ջերմօրէն ընդունելու համար», – ընդգծեց նախարարը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը յոյս յայտնեց, որ Քուէյթի Պետութեան եւ դեսպանին հետ ծրագիրները շարունակական բնոյթ կը կրեն:

Այնուհետեւ աշակերտներուն ողջունեց եւ շնորհաւորեց ՀՀ-ի մէջ Քուէյթի Պետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ Քապանտին: Դեսպանը նշեց, որ ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ` շնորհիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի հոգատարութեան: «Այսօր այստեղ ենք եւ կը տեսնենք, որ այն, ինչ մենք ըրած ենք, քիչ է: Մեր օգնութիւնը այսպիսով չի վերջանար: Մենք լսած ենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը նախաձեռնած է սուրիահայերու համար կառուցել «Նոր Հալէպ» թաղամաս Աշտարակի մէջ: Կը փորձենք օգտակար ըլլալ Ձեզի մեր հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ», – ըսաւ դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ Քապանտին:

Դեսպանը ուրախութեամբ աւելցուց, որ Քուէյթ ապրող հայերը պետութեան հետ ոչ մէկ խնդիր չունին: «Հայերը աշխատասէր են, հասարակութեան պիտանի անդամներ: Ձեր պետութիւնը կրնայ հպարտանալ անոնցմով», – նշեց դեսպանը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սողոմոնեան: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ Նար-Դոսի անուան դպրոցը մշտապէս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է: «ՀՀ սփիւռքի նախարարի առաջարկութեամբ աշակերտները 2-րդ տարին անընդմէջ այս դպրոցում անցնում են խորացուած արաբերէն: Իսկ Սիրիայի համար տագնապալից օրերին մեր հայրենակիցների առաջ իր գիրկը բացած դպրոցն իրաւամբ համակարգչային դասարանով վերազինուելու կարիքն ունէր», – նշեց տիկին Սողոմոնեան:

Ձեռնարկին աւարտին աշակերտները արաբերէնով արտասանեցին բանաստեղծութիւններ, կատարեցին Հայկական եւ Քուէյթի պետութեան օրհներգները, ինչպէս նաեւ` «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը:

Scroll Up