Առանց ԼՂ Խնդիրի Լուծման, Մոռցէք Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Մասին. Էրտողան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/4730.jpg)
Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կախուած է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան լուծումէն:
Թրքական Haber3 կայքի փոխանցմամբ` Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ
Թուրք-ատրպէյճանական պատուիրակութիւններու հանդիպման ժամանակ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիճ Էրտողան, խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային մասին, ըսած է, թէ այն կապուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան լուծման հետ:
«Եթէ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը լուծուի, ապա կը լուծուի նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրը: Հակառակ պարագային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խնդիրը նոյն կերպ պիտի շարունակուի»,-ըսած է Էրտողան:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ` Ղարաբաղի խնդիրին մէջ մշտապէս Ատրպէյճանի շահերը պաշտպանելու համար եւ շեշտած, թէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպանները Թուրքիոյ հետ միասին կը պայքարին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն դէմ:
Artsakhpress.am