Արժանթինական Պարբերականը Հրապարակած Է Հայ Եւ Արժանթինցի Գործիչներու «ԼՂՀ Ապագան» Խորագիրով Նամակը

Լեռնային Ղարաբաղի մասին Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Մամէտ Ահմազատէի յօդուած-նամակը յառաջացուցած է տեղի հայ մտաւորականութեան եւ արժանթինցի հասարակութեան դժգոհութիւնը: Դեսպանի նամակը տպագրուած է Արցախի անկախութեան օրը Պուէնոս Այրէսի The Natioan պարբերականին մէջ, որուն յաջորդած է նոյն պարբերականին մէջ հայ եւ արժանթինցի գործիչներու «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ապագան» խորագիրով պատասխան նամակի հրապարակումը:

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ«Արցախփրես»-ը` վկայակոչելով PrensaArmenia.com-ը, Արժանթինի, Չիլիի, Ուրուկուէի եւ Փարակուայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան յիշեցուցած է, որ 1988թ. փետրուար 20-ին, իրաւական բոլոր չափանիշներուն համապատասխան, ԼՂԻՄ մարզային խորհուրդի գումարման 20-րդ  նստաշրջանին որոշում կայացուեցաւ դիմել Ատրպէյճանական ԽՍՀ, Հայկական ԽՍՀ եւ ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդներուն` մարզը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի կազմին մէջ ընդգրկելու մասին:

«Արցախի ինքնորոշման քաղաքակիրթ քաղաքական որոշումը յանգեցրեց Ատրպէյճանի իշխանութիւնների զայրոյթին եւ նրանք  սպանեցին Սումգայիթում ապրող հայ քաղաքացիներին: Նրանք հետապնդում եւ վախեցնում էին Ատրպէյճանի տարածքում ապրող կէս միլիոն հայերին: Այս անգամ էլ, Ատրպէյճանի ձեռքով իրականացուող նոր ցեղասպանութիւնից խուսափելու համար, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պատրաստուեց ինքնապաշտպանութեան եւ տարաւ յաղթանակ ատրպէյճանական բանակի
դեմ`  յանուն պատմական տարածքների պահպանման եւ այնտեղ ապրող մարդկանց»,- գրած է Մելիքեան` եւս մէկ անգամ յիշեցնելով, որ 1991թ. սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ անկախ:
Պունէոս Այրէսի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի միջազգային իրաւունքի դասախօս Ռոբերթօ Մալխասեան  գրած է, որ Ղարաբաղի հայերը ինքնորոշուած են համաձայն միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշներուն: «Ինչ կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան, որուն մասին կը խօսի ատրպէյճանցի դեսպանը, ապա յենուելով Հաագայի միջազգային դատարանի եզարափակիչ որոշման վրայ` որ կը վերաբերի Կոսովոյի անկախութեան, կրնանք  փաստել, որ այս սկզբունքը  չի կրնար գործածուիլ Ղարաբաղի պարագային,-գրած է ան:

Քաղաքագէտ,  Klarin թերթի խմբագիր Ֆապիան Պոսոերն ալ անդրադարձած է ազգերու ինքնորոշման խնդիրին` փաստելով, որ ատիկա լուրջ սկզբունք եւ կարեւորագոյն հարց է: Տարածքային ամբողջականութեան մասին գրելով` Պոսոերը յիշատակած է 20-րդ դարու առաջին Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ դեռեւս չէ ճանչցուած Թուրքիոյ կողմէ եւ չէ պահպանուած տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը: Քաղաքագէտն անդրադարձած է ԼՂՀ-ի մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակին` շեշտելով, որ 2012թ. կայացած նախագահական ընտրութիւններն իրենց պատրաստուածութեամբ եւ քաղաքակրթութեամբ կրնային օրինակ ծառայել բազմաթիւ պետութիւններու համար:

1991թ. սեպտեմբեր 2-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդի համատեղ նստաշրջան, ուր ընդունուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին» հռչակագիր:

Նոյն թուականի դեկտեմբեր 10-ին տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Այդ օրը ԼՂՀ բնակչութեան 99 տոկոսը քուէարկեց յօգուտ անկախութեան:

Scroll Up