Համակարգչային Դասարանի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/download1.jpg)
Սեպտեմբեր 5-ին` ժամը 12:00-ին, Երեւանի Նար-Դոսի անուան թիւ 14 հիմնական դպրոցին մէջ, ուր կը յաճախէ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած շուրջ 100 սուրիահայ աշակերտ, տեղի պիտի ունենայ Քուէյթի Պետութեան ֆինանսական աջակցութեամբ վերազինուած համակարգչային դասարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, ՀՀ-ի մօտ Քուէյթի Պետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ Քապանտիի, Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սողոմոնեանի մասնակցութեամբ (հասցէ` Եր. Քոչար 12/1):
Յիշեցնենք, որ աջակցութիւնը ցուցաբերուած է 2013 թուականի սեպտեմբեր 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ §Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի եւ ՀՀ-ի մէջ Քուէյթի Պետութեան դեսպանութեան միջեւ կնքուած յուշագիրի համաձայն` §Աջակցութիւն Հայաստան բնակող սուրիահայերու կրթական հիմնախնդիրներու լուծման» ծրագիրի ծիրէն ներս: